ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Կրթական-դպրոցական տարեվերջի քննութիւնները հոգեմտաւոր անձկութեան ժամանակաշրջան մըն է, մասնաւորաբար` պետական քննութեանց առիթով: Աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք անհամբեր կը սպասեն արդիւնքներու ծանուցման: Տոկոսային չափանիշով բարձր միջին ստացողները արդար հպարտութեամբ կ՛ունենան հոգեկան խաղաղութիւն:
Պըրըվէի, պաքալորէայի քննութեանց մասնակիցները ճակատագրական պահեր կ՛ապրին: Բարեբախտաբար պետութիւնը երկրորդ առիթ մը տուած է քննութեանց առաջին հանգրուանին ձախողածներուն` սրբագրելու իրենց սխալները:
Մեր աշակերտները ունին նաեւ այլ առիթներ` հետեւելու պետութեան եւ կրթական նախարարութեան շնորհած ուսման պատեհութիւններուն, արուեստից եւ արհեստից բաժանմունքներուն, իրագործելու համար իրենց շնորհները, ուսման կարելիութիւնները:
Հետեւեցանք 2012-2013 տարեշրջանի պետական քննութեանց արձանագրուած յաջողութիւններուն, մամուլին միջոցով: Հայկական մեր վարժարանները արձանագրած են բացառիկ յաջողութիւններ: Այս իրողութիւնը կը հրճուեցնէ մեր սիրտերը այս ճշմարտութիւնը պէտք է իմանան մեր այն ծնողները, որոնք կը թերագնահատեն հայկական վարժարաններուն արձանագրած յաջողութիւնները` իրենց յոյսը դրած օտարին ջամբած ուսման:
Առիթը յարմար կը նկատենք նաեւ անդրադառնալու այն բացառիկ յաջողութեան, որ արձանագրուած է նաեւ արուեստից եւ արհեստից պետական քննութեանց:


