Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին Անշպար Եւ Ուսանելի Խօսքի Ուղիին Վրայ

October 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յիսուսեան թերթերուն շնորհուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆրանչեսկոս սրբազան պապը ուշագրաւ եւ իմաստուն միտքեր արտայայտած է, որոնք կը տարածուին իր անձէն անդին եւ ուղեցոյց կրնան ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին ուրիշը լսելու, մանաւանդ ուրիշները առաջնորդելու դիրքերու վրայ. եկեղեցի, պետութիւն, կուսակցութիւն, միութիւն, դպրոց: Արտայայտուած միտքերը եթէ բոլոր խմբաւորումները ներշնչող ըլլան, հոն, ուր մարդիկ միասին կը գործեն, այսինքն` ընկերութիւնները, համայնքները, ամէն տեսակի հակամարտութիւնները կը նուազին:

Քահանայապետին միտքերը դատելու եւ գնահատելու մեծամտութիւնը չունիմ: Բայց անոնց մասին խորհրդածելով` կրնանք մեր հայեացքները փոխել, ազնուանալ: Ժամանակակից ընկերութիւնները եւ մարդիկ այնքա՜ն կարիք ունին ազնուացման: Այս ցանկութիւնը կիրակնօրեայ չլսուող քարոզ չէ:

Անշպար խօսքի կախարդ այս արտակարգ կրօնապետը կ՛ըսէ.

«Բայց բան մը պէտք է աւելցնեմ. երբ անձի մը պարտականութիւն մը կը վստահիմ, անոր կը վստահիմ աբողջութեամբ: Ան պէտք է որ մեծ սխալ մը գործէ, որպէսզի նկատողութիւն ընեմ: Ասով հանդերձ, մարդիկ կը յոգնին ճնշող իշխանութենէ: Իմ իշխելու եւ արագ որոշումներ կայացնելու ձեւս զիս կանգնեցուցած է լուրջ դժուարութիւններու առջեւ եւ ծայրայեղ  պահպանողականութեամբ ամբաստանուելու»: «Այժմ կը լսեմ քանի մը անձեր, որոնք ինծի կ՛ըսեն. «Շատ մի խորհրդակցեցէ՛ք, որոշեցէ՛ք»: Ընդհակառա՛կն, ես կը հաւատամ, որ խորհրդակցութիւնը էական է… Այսուհանդերձ անհրաժեշտ է զանոնք դարձնել իրենց ձեւին մէջ նուազ խիստ, քարացած: Ես կ՛ուզեմ ունենալ իրական խորհրդակցութիւններ, ոչ ձեւական»:

Կաթողիկէ եկեղեցիի պետը կառավարման եւ յարաբերութիւններու իսկապէս նոր ոճ կ՛որդեգրէ: Այս ոճը, եթէ որդեգրեն կառավարութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, մարդը կը դառնայ նախաձեռնութիւններու առանցք: Հաւատացեալը կամ քաղաքացին կը դադրին ստորադասը ըլլալէ իշխանութիւններուն, քանի որ իշխանութիւնները պիտի ծառայեն մարդուն, անոնք գերադասներ չեն: Սրբազան պապը կ՛ըսէ. «Dicastère-ները (կաթողիկէ եկեղեցիի կազմակերպութեան մէջ նախարարութիւն) պապին եւ եպիսկոպոսներուն ծառայութեան կոչուած են: Անոնք օժանդակ կազմակերպութիւններ են: Կարգ մը պարագաներու, երբ անոնք լաւ հասկցուած չեն, գրաքննութեան կրնան վերածուիլ»: Այլ խօսքով` իշխանութեան աւագ պարտականութիւնն է, առաքինութիւնը, հասկցուիլ, հասկնալի ըլլալ, երբ այդ առաքինութիւնը բացակայի, դուռը բաց կը մնայ կամայականութիւններու առջեւ, կամ` տիքթաթներու:

Եկեղեցիի առաքելութիւնը կը սահմանէ սրբազան պապը: Առաքելութեան սահմանում մը, ընդհանրացումով, որուն հետեւելով բոլոր մակարդակներու ղեկավարութիւնները բարիք կը դառնան բոլորին համար: Ան կ՛ըսէ. «Փոխանակ ըլլալու եկեղեցի մը, որ կը հիւրընկալէ, կ՛ընդունի դռները բաց ձգելով, փորձենք ըլլալ եկեղեցի մը, որ նոր ուղիներ կը գտնէ, որ կարող է ինքնիրմէ դուրս գալ եւ երթալ դէպի այն անձը որ եկեղեցի չի գար, որ` անկէ մեկնած է, կամ անտարբեր է»:

Այս մօտեցումը կրնանք ընդհանրացնել եւ խօսիլ քաղաքացիին մասին: Մեր համեստ մակարդակին, խօսիլ բոլոր անոնց մասին, որոնք այս կամ այն պատճառով հեռացած են ազգային հաւաքականութենէն, ծալած եւ մէկդի դրած են ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը (օրինակ` օտարախօսութիւնը կամ հայու զաւակը օտարի դաստիարակութեան յանձնելու աղէտը):

Սրբազան պապը կը քննադատէ քարացած մտայնութիւնները, այսինքն` կարգախօսները, որոնք արգելք են մտածման, նոյնիսկ երբ հարցը կը վերաբերի Աստուծոյ: Իր վերաբերումը օրինակելի կրնայ ըլլալ մարդկային գործունէութեան բոլոր մարզերուն համար: Ինչ կ՛ըսէ այս յանդուգն կրօնապետը. «Արդարեւ, ամէն բանի մէջ Աստուածը «փնտռել»-ու եւ «գտնել»-ու մէջ միշտ կը մնայ անստուգութեան շրջանակ մը: Ան պէտք է ըլլայ: Եթէ մէկը ըսէ, որ ոչ մէկ անստուգութիւն կայ, այդ կը նշանակէ, որ բան մը ճիշդ չէ: Ինծի համար այս ճիշդ բանալի մըն է: Եթէ մէկը բոլոր հարցումներուն պատասխանը ունի, այդ կը նշանակէ որ Աստուած իրեն հետ չէ, որ ան կեղծ մարգարէ մըն է, որ կրօնը կը գործածէ ի նպաստ իրեն: Աստուծոյ ժողովուրդին մեծ առաջնորդները միշտ տեղ վերապահած են կասկածին: Եթէ տեղ պէտք է պահել Աստուծոյ, եւ ոչ մեր ստուգութիւններուն, այդ կը նշանակէ որ համեստ պէտք է ըլլալ»: Այս ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլան երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը: Լսել ուրիշը` միշտ խորհելով, որ այլընտրանք կայ, որ` ուրիշը կրնայ իրաւունք ունենալ: Սրբազան պապի քննադատութիւնը կ՛ուղղուի բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, որ իրենք են կրողները ճշմարտութեան, ոչ միայն եկեղեցիի պարագային, այլ` հանրային կեանքի բոլոր մակարդակներուն:

Ղեկավարումի նոր ոճ մը կը բերէ այս նոր պապը, որ կը մերժէ բնակիլ եկեղեցիի պետին վերապահուած յարկաբաժնին մէջ, այլ` վանականներու սենեակներէն մէկուն մէջ: Աշխարհի մեծերը, կամ իրենք զիրենք մեծ համարողները, որոնք ժողովուրդները կ՛առաջնորդեն, անոնց աշխատանքով ձեռք բերուած միջոցները կը գործածեն իրենց պերճանքին համար, որքան լաւ պիտի ըլլար որ հետեւէին սրբազան պապին համեստութեան օրինակին եւ իրենք զիրենք տրամադրէին լսելու ուրիշները, փոխանակ քարանալու իրենց ճշմարտութիւններուն մէջ (որոնք յաճախ հատուածական կամ անհատական շահախնդրութիւններ են), եւ երթային դէպի ժողովուրդը` առանց պատնէշներու եւ թիկնապահներու:

Իսկական ղեկավարները համեստներ եղած են, առանց յաւակնելու, որ իրենք «սերած են Արամազդի ազդրէն», ինչպէս կ՛ըսեն ֆրանսացիները (qu՛ils sont issus de la cuisse de Jupiter): Կանտին մեծ ըլլալու համար մեծ պանդոկներ իջեւանելու կարիք չունէր, ոչ ալ` շքեղ ինքնաշարժներու:

Այս ընելու համար հարկ է հետեւիլ իրա՛ւ մեծերու օրինակին, անոնք հայ ըլլան թէ օտար, պատմական դէմքեր թէ գրեթէ ժամանակակիցներ, ինչպէս` Մարկոս Աւրելիոս կայսրը, Սիմոն Զաւարեանը, Արամ Մանուկեանը, Շարլ տը Կոլը, Կանտին…

Եւ մեր վստահութիւնը յայտնելու համար երբեք պէտք չէ հրաժարիլ իրաւ մեծերու հետ բաղդատելու եւ բաղդատուելու իմաստութենէն: Թերեւս այս ձեւով, փոխանակ Մեծն Աղեքսանդրի պէս սուրով կտրելու Գորդեան հանգոյցը, զայն կը յաջողինք քակել…

Բանակ չունեցող սրբազան պապին իմաստութիւնը պէտք է լսել: Պէտք է լսուի:

Երբեմն ալ մարդոց պէտք է հարցնել, թէ իմացա՞ծ են սրբազան պապին մտածումները:

 22 սեպտեմբեր 2013, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Ղարաբաղեան Պատերազմի Հնարաւոր Վերսկսման Աշխարհաքաղաքական Ու Ներքաղաքական Տուեալները

Յաջորդը

Մի՛ Խաթարէք Մեր Հոգեւոր Սահմանները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.