Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւնը Արտացոլուած Է Նաեւ Թրքական Իրաւական Հատորներու Մէջ». Ումիթ Քուրթ

October 9, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ումիթ Քուրթ

Հայոց ցեղասպանութիւնը արտացոլուած է թրքական շարք մը իրաւական հատորներու մէջ. այսպէս յայտնած է հայկական լքեալ գոյքերու մասին հատորի համահեղինակ, «Քլարք» համալսարանի դասախօս Ումիթ Քուրթ` «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:

Հայերու բռնագրաւուած գոյքը կարգաւորող օրէնքներն ու կանոնադրութիւնները յայտնի են «Լքեալ գոյքերու մասին օրէնքներ» անունով, որոնք, ըստ թուրք քաղաքագէտին, կը կիրարկուէին միայն տեղահանուած հայերուն նկատմամբ:

«Այդ իրաւական կարգաւորումներէն ամենայայտնին նախարարներու խորհուրդի 1915 թուականի մայիս 30-ի որոշումն է, որով սահմանուած էին հիմնական սկզբունքները, որոնց համաձայն պէտք էր իրականացուէին բոլոր տեղահանութիւններն ու վերաբնակեցումները: Որոշումին մէջ հայկական ունեցուածքներուն վերաբերող ամենակարեւոր դրոյթը այն էր, որ տեղահանուածներուն պէտք էր տրամադրուէր իրենց գոյքին համարժէք փոխհատուցում», նշած է Քուրթ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գոյքի բռնագրաւումն ու ոչնչացումը ինչպէ՞ս կրնան օգնել Ցեղասպանութիւնը աւելի լաւ հասկնալու գործին, գիտնականը նշած է, որ վերջերս ցեղասպանագէտներու խումբ մը, հաշուի առնելով տուժող խումբերու ունեցուածքի եւ գոյքի բռնագրաւման եւ ոչնչացման փաստը, նոր ձեւով կը սահմանէ «ցեղասպանութիւն» եզրը` հիմնուելով Ռաֆայէլ Լեմքինի ներկայացուցած բնագիրի սահմանումին վրայ: Ցեղասպանագէտներու այս խումբը ցեղասպանութեան երեւոյթը կը դիտէ Թուրքիոյ իրաւական համակարգի պրիսմակէն: Ըստ Քուրթի, հայկական գոյքի բռնագրաւումը կազմած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու եւ մասնաւորաբար հայերու ներկայութեան վերացման, ինչպէս նաեւ` նոր հանրապետութեան իրաւական համակարգի կառուցման անբաժանելի եւ կարեւորագոյն մեքանիզմներէն մէկը:

Նախորդը

Օսմանեան Կալուածագրերը` Նուէր Հայ Հարսերու

Յաջորդը

Եուկոսլաւիա, Իրաք, Լիպիա, Ապա` Ղարաբաղ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.