Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Ատապ Ուալ Ռիատա (Քաֆարշիմա) ակումբին մէջ տեղի ունեցան իրաւարարի յատուկ դասընթացքներ եւ քննութիւններ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Լիբանան ունեցաւ 41 նոր իրաւարարներ:
Անոնք առաջին անգամ իրենց նոր ասպարէզին պիտի սկսին, վեթերաններու եւ Լիբանանի անկախութեան առիթով տեղի ունենալիք բաժակի մրցաշարքերուն, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք ձգելով 2014 տարեշրջանին լիբանանեան ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն նկատի առնուին:
Նշենք, որ այս քննութիւններուն ներկայ գտնուցան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար, միջազգային իրաւարար Փիեռ Հենի եւ Իմատ Մըրհեպ (միջազգային իրաւարար):


