Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասագիրքեր. Մայրենի Կանչ. Ե. Գիրք

October 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Կրթական վերամուտի առաջին օրերուն մեր ձեռքին է արդէն «Մայրենի կանչ»-ի Ե. գիրքը: Հեղինակը` Աղաւնի Ֆստըգճեան շարունակած է իր աշխատանքը «Դիւրին հայերէն» դասագիրքի մատենաշարը լոյս ընծայելու:

Նախակրթարանի, ինչո՛ւ չէ, նաեւ միջնակարգի դասարաններուն օգտագործելի եւ ուսանելի գիրքեր են, «դիւրին հայերէն սորվելու» միջոցառում մը, որմէ գոհ են ոչ միայն աշակերտները, այլեւ` անոնց ծնողները, մայրերը, որովհետեւ պատրաստուած է հաճելի, մտածուած, իւրաքանչիւր դասին յարմար նկարներով զարդարուն:

Ե. գիրքի իւրաքանչիւր դասի յատուկ էջը կը ներկայացնէ ընթերցանութեան հետեւող բառերու բացատրութիւն, քերականական ուղեցոյց, դիւրին եւ հասկնալի: Աղաւնի Ֆստըգճեան հեռու մնացած է բարդ ու խճողուն մէջբերումներէ, եղած է մանուկ ու պատանի աշակերտին ըմբռնելի ըլլալու ոլորտին մէջ,  պարզագոյն խօսքերով:

Ե. գիրքը ունի բաժանումներ` ըստ ներկայացուած թեմայի: Հայ լեզու եւ հայրենիք, ինչպէս կը բացատրէ խորագիրը, կը բաղկանայ հայոց լեզուն եւ հայրենիքը դրուատող, զանոնք աշակերտին սիրելի դարձնող երկեր, բանաստեղծութիւն թէ արձակ, քաղուած` մեր անուանի գրիչներու ստեղծագործութիւններէն:

Երկրորդ մասով կը կարդանք ԱՐԺԷՔՆԵՐ: Գ. բաժինը սովորականէն տարբեր թեմա` աշակերտին համար գուցէ անիմաստ կամ դժուար ըմբռնելի լեզուական հարցերու բացատրութիւն: Չորրորդ մասը յատկացուած է ջարդէն վերապրող սերունդի գրական ժառանգութեան ծանօթացման: Գրութիւններ ունին` Անդրանիկ Ծառուկեան, Ֆիլիփ Զաքարեան, Արամ Հայկազ, Մուշեղ Իշխան: Հինգերորդ բաժինը կը ներկայացնէ «Կեանքից թանկ բանը»:

160 ծաւալուն էջեր, մանրակրկիտ աշխատանքով, հետեւողական պրպտում պահանջող, ծրագրուած, նկատի առած դասարանային բաժանումները եւ աշակերտին տարիքը:

Ինչպէս նախորդ չորս ԳԻՐՔԵՐԸ, այս հինգերորդ` Ե. գիրքին խմբագիրն է դարձեալ Կարօ Առաքելեան, լեզուաբան, հայագէտ, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս: Երկուքով պատրաստուած, ծրագրուած եւ մշակուած դասագիրք մը, որ վերջին հինգ-վեց տարիներուն ընդունուեցաւ մեր հայկական վարժարաններուն կողմէ` իբրեւ նոր օրերու հոգեբանութեան սատարող եւ աշակերտական մտահոգութիւնը թեթեւցնող դասագիրք:

Դասատու ուսուցիչները ընտելացած են Աղաւնի Ֆստըգճեանի «Դիւրին հայերէն»-ին, աշակերտին թելադրելով ամառնային արձակուրդի օրերու ընթերցանութիւն, այս դասագիրքին գրականութեան յատկացուած գրութիւններէն:

Առաջին ակնարկով կը թուի հաճելի դաս սորվելու տրամադրութիւն ստեղծող դասագիրք, ինչ որ կը հաստատուի, երբ էջերը կը դարձնենք, կը տեսնենք նկարները, որոնց դասաւորման իր մասնակցութիւնը բերած է ծանօթ արուեստագէտ, գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Վիգէն Պերթիզեան:

Մեր տպաւորութիւնը արձանագրելով` պարզապէս կատարուած օգտաշատ աշխատանքի մը լոյսին գալը կ՛ողջունենք: Կարեւորը, անհրաժեշտը հայոց լեզուն լաւ սորվիլն է, սիրելն է, եւ` արժեւորելը: Հարկ է լաւ գիտնալ, մեր ծնողներն ալ լաւ ըմբռնեն, թէ իր մայրենի լեզուն լաւ գիտցողը կրնայ դիւրութեամբ սորվիլ այլ լեզուներ: Մեր այս կարծիքը քմայք կամ ինքնահաճոյ բնոյթ չունի, ճշմարտութիւն է: Հայոց լեզուն արհամարհողը կը մեղանչէ: Երբ Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանուած է, զայն կոչած են արժանաւորապէս` «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Մեր դեռատի զաւակներուն հայերէն գիրքեր ընծայենք: Անոնք պիտի սիրեն հայերէն ընթերցանութիւն կատարել, երբ արդէն հետեւած են «Դիւրին հայերէն» եւ «Մայրենի կանչ» դասագիրքին դասերուն:

 

 

Նախորդը

Արտագաղթ… Գիւմրիէն Ռուսիա Եւ Թուրքիա

Յաջորդը

Բացառիկ Արխիւային Նիւթեր 1915-1921 Թթ. Ափրիկեան Հանրապետութիւնում Հայոց Ցեղասպանութեան Իրողութեան Մասին. Հարցազրոյց Զիմպապուէում Պրազիլի Փոխհիւպատոս Յովսէփ Սեֆերեանին Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.