Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Աւարտեց 2013 Տարեշրջանը

October 3, 2013
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան աւարտեց իր երկրորդ տարեշրջանը` Ֆորմիւլա-Ռընոյի ախոյեանութեան գծով, երբ Սիլվըրսթոնի հանրածանօթ վազքուղիին վրայ կատարեց վերջին երկու մրցումները:

Նշենք, որ վերջին երկու հանգրուանի մրցումներուն ներկայ էին մեծ թիւով հանդիսատեսներ:

«M-Tech lite» խումբին մա կազմող վարորդը զտումի իր մրցումներուն սկսաւ ոչ այդքան լաւ ձեւով` նկատի ունենալով, որ անոր ինքնաշարժին առջեւի մասը բաւական վնասուեցաւ, երբ վարորդներէն մէկուն ինքնաշարժը անոր առջեւ անակնկալօրէն կանգ առաւ:

Անոր իբրեւ արդիւնք, ան բաւական ժամանակ կորսնցուց մինչեւ իր ինքնաշարժին նորոգուիլը եւ կրցաւ հազիւ քանի մը լեփ կատարել, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ան մեկնարկին գրաւէ 17-րդ եւ 14-րդ դիրքերը:

2-րդ մրցումին այլ դէպք մը եւս պատահեցաւ, երբ սպանացի վարորդ Մեթիու Ֆերեր հարուածեց անոր ինքնաշարժին ետեւէն: Այս հարուածը թէեւ դանդաղեցուց Սարգիսեանը, սակայն ան շուտով նորոգելով իր ինքնաշարժը, յաջողեցաւ 17-րդ դիրքէն սկսած այս մրցումը աւարտել 8-րդ դիրքին վրայ:

Այսպիսով, Սարգիսեան այս տարեշրջանը աւարտեց առաջին տասին մէջ (ընդամէնը` 24 վարորդ)` ապահովելով ընդամէնը 146 կէտ, ինչ որ կը նկատուի շատ լաւ արդիւնք մը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն կէտը, որ անոր մրցակիցներէն շատերը ունին տարիներու փորձառութիւն` Ֆորմիւլա-Ռընոյի ախոյեանութեան մէջ:

Ախոյեանութեան աւարտին մարզական լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սարգիսեան ըսաւ.

«Շատ ուրախ եմ իմ կատարած այս ներկայացումներուս համար, որովհետեւ յաջողեցայ հասնիլ այն մակարդակին, ուր կ՛ուզէի հասնիլ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այս տարեշրջանին սորվեցայ այն, ինչ որ չէի յաջողած կատարել առաջին տարեշրջանին: Ախոյեանութիւնը բաւական դժուար է, որովհետեւ կը գտնուին բազմաթիւ մրցակիցներ, որոնք ինձմէ աւելի փորձառութիւն ունին այս մարզին մէջ: Այս տարեշրջանը 10-րդ դիրքին վրայ աւարտելը կը նկատուի կարեւոր իրագործում մը ինծի համար»:

Նախորդը

Թենիս. Դաւիթ Նալպանտեան Որոշեց Լքել Իր Արհեստավարժ ԱսպարէզըԹենիս. Դաւիթ Նալպանտեան Որոշեց Լքել Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Յաջորդը

Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէութեան Անդամական Ընդհանուր Ժողով

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.