Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի հիմնական բերդապահ Տիեկօ Ալվես, իր ծունկէն ստացած վնասուածքին պատճառով, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն:
Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Ռայօ Վայեքանոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ:
Պրազիլցի Ալվեսի պաշտօնը այժմ պիտի վստահուի պահեստի բերդապահ Վիչենթէ Կուայթայի:


