Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էջ Մը Անցեալէն. Յիշատակելի Արժէքներ

October 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մօտիկ անցեալին, նախքան լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմ, Լիբանան ունեցած է մշակութային հարուստ ժամանակաշրջան, մասնաւորաբար` 1960-1975 թուականներուն:

Ինչ կը վերաբերի մեր երաժշտական կեանքին, Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցը (Քոնսերվաթուար Լիպանէ) ունէր բազմաթիւ շնորհալի եւ տաղանդաւոր հայ ուսանողներ, ձայնամարզութեան, նուագի (բոլոր երաժշտական գործիքներով): Հոն կը դասաւանդէին նաեւ երաժիշտ հայ դասախօսներ:

Արժէքներ ունեցած ենք այս ոլորտին մէջ, որոնցմէ շատեր անժամանակ հեռացան այս աշխարհէն` իրենց ետին ձգած անմոռանալի յիշատակներ:

1960-1975 տարեշրջաններուն Լիբանանի մէջ փայլեցաւ Քոլորաթուր Սոփրանօ Արփինէ Քէօմիւրճեան-Փեհլիվանեան: Ան ներկայացուցած է բազմաթիւ երգահանդէսներ Լիբանանի եւ արտերկրի, նաեւ Հայաստանի մէջ: Ան նոյն ատեն վկայեալ դաշնակահարուհի  էր, կը կատարէր նուագակցութիւն երգիչներու հետ: Արփինէ Փեհլիվանեանի երգահանդէսներուն եւ մենահամերգներով դաշնակի ընկերակցութիւնը յաճախ կատարած է տաղանդաւոր դաշնակահար, երգահան-յօրինող, մանկավարժ Պօղոս Ճելալեան: Ան գործակցած է նաեւ համբաւաւոր դաշնակահար Ստեփան Էմմիեանի հետ:

Արփինէ Փեհլիվանեան կատարեց նաեւ դասախօսական պաշտօն երաժշտանոցին մէջ` յայտնաբերելով երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներ:

Իր մահուան եօթնամեակին առիթով կը յիշենք զինք` իբրեւ Լիբանանի երաժշտական կեանքը զարգացնող տաղանդաւոր երգչուհի-դաշնակահարուհի:

Այս համառօտ գրութեան կը միացընենք Արփինէին ձօնուած բանաստեղծութիւն մը:

 

ԱՐՓԻՆԷԻՆ

Ձօնուած`
Սփիւռքահայ արուեստագիտուհի,
երգչուհի-դաշնակահարուհի Արփինէ Փեհլիվանեանին

Արեւին հետ դուն ծնար,
Օր մը սիրոյ լուսավառ,
Ու դարձար շող ու Արփի,
Որ երգես «ծառ ծիրանի»:

Ձայնդ եղաւ անսպառ,
Ջուրերու պէս` ջինջ, վարար,
Եղար մաքուր մեղեդի,
Շունչ ու սէր Կոմիտասի:

Երգեցիր յար, «Խնկի ծառ»,
«Տըլէ եաման», «Սոնա եար»,
Ու դեռ «Տօ լաճ տնաւեր»,
Իմ «Բալա ջան» ու «Գանձեր»:

Երգդ քնքուշ ձօնեցիր,
Ողջ հայութեան ցանուցիր,
Իսկ մատներդ մեկնեցին,
Սէրը հայոց սուրբ երգին:

Երթըդ ըլլայ միշտ բարի,
Ձիրքդ յաւէտ վարարի,
Երգես «Կռունկ», «Ծիծեռնակ»,
Քուկդ են փառք ու յաղթանակ:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նոյեմբեր 1973
Պէյրութ

Նախորդը

Միջին Ականջի Հիւանդութիւններ

Յաջորդը

Դանիէլ Վարուժանի Նուիրուած Նիկոլ Պէզճեանի «Կաթ, Մեխակ Ու Երգ Րենական» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.