Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութեան Որբերը»` «Արփա» Փառատօնի Մրցանակին Թեկնածու

October 2, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկի (AFFMA) «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 16-րդ փառատօնի մրցանակին թեկնածու ժապաւէններէն մէկն է Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը, որ ցուցադրուեցաւ կիրակի, սեպտեմբեր 29-ին, կ.ե. ժամը 4:30-ին, Հոլիվուտի «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ: 13 տոլար արժող տոմսերը կարելի է ապահովել` այցելելով www.itsmyseat.com//events/233606.html կայքէջը:

Ժապաւէնը պատրաստուած է շրջանային չորս «Էմմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանին կողմէ, իսկ անոր հանրային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, ապրիլ 17-ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ: Ժապաւէնը ապրիլ 18-ին նաեւ ցուցադրուեցաւ Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:

«Ցեղասպանութեան որբերը» պատմութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայորդիներուն: «Արմէնոյտ» ընկերութեան արտադրած սոյն ժապաւէնը զգացական պտոյտ մըն է` հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու, յուշերու եւ վկայութեանց վրայ, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայացուին:

Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն պրպտումներուն շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը: Ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը` աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919-1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200` ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:

Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին, որ որդեգրուած է Աթաթիւրքին կողմէ ու դարձած` Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը:

«Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը` Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր` «Հայոց ցեղասպանութեան» ապրող փաստ մը»:

Ֆլորիտա բնակող վաւերագրական ժապաւէններու մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան այս նկարահանումները կատարած է Այնթուրայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի մէջ: Ժապաւէնին մէջ հարցազրոյցներ կան Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ անոնց շառաւիղներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական զրոյց մը` տոքթ. Ճէք Գէորգեանի հետ:

http://asbarez.com/arm/172421/

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թուրքիա. Կը Վերանորոգուի Կիւրինի Սուրբ Աստուածածինը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.