Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Ինչպէ՞ս Զօրացնել Մկանները` Քնանալու Ժամանակ

September 30, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՔՆԱՆԱԼԷ ԱՌԱՋ ԲՆԱՍՊԻՏՈՎ (ՓՐՈԹԻՆ) ՀԱՐՈՒՍՏ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՈՒՄԸ ԿԸ ԽԹԱՆԷ ՄԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ: «ՈՒՈՏՄԱՍԹԸՐԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՀՆԱՐՔՈՎ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԴԻՒՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ՈՐԱԿԸ:

Քանի մը տարի առաջ շարք մը ուսումնասիրութիւններ քննեցին կարեւորութիւնը սննդառութեան յարմարագոյն ժամին: Ոմանք քննեցին բնածխաջրատ (քարպոհայտրէյթ) սպառելու եւ ծանր մարզանքներէ ետք վերաթարմանալու լաւագոյն ժամանակը, ուրիշներ` բնածխաջրատ սպառելու ժամանակին եւ մարզական առոյգ շարժումներու միջեւ կապը կամ` բնածխաջրատի սպառումին եւ ապաքինումի միջեւ կապը: Այժմ ուսումնասիրողներու երկու խումբեր կը քննեն բնասպիտի (փրոթին) սպառումին ներգործութիւնը մարմնին վրայ, երբ անձը քնացած է:

Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ աճման հորմոնը ամէնէն աւելի մեծ քանակութեամբ կ՛արտադրուի մեր մարմնին մէջ, երբ քնացած ենք: Մկանները կը վերանորոգուին քնանալու պահուն, մինչդեռ, երբ մարզանքէն անմիջապէս ետք բնասպիտ սպառենք, զայն կը վատնենք մինչեւ քնանալու պահը, երբ աճման հորմոններու արտադրութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին:

Բրիտանիայէն եւ Հոլանտայէն խումբ մը ուսումնասիրողներ հետեւեալ ձեւով քննած են քնանալէ անմիջապէս առաջ բնասպիտի սպառումին եւ անոր քիմիական արտադրութիւններուն ներգործութիւնը: Անոնք ընտրած են 16 մարզիկներ եւ զանոնք բաժնած են 2 խումբի: Այս մարզիկները իրենց կարողութիւններուն համեմատ հետեւած են սրունքները զօրացնելու եւ ծանրաբարձութեան վարժութիւններու եւ բոլորն ալ ուսումնասիրութեան ընթացքին ստացած նոյն սնունդը: Սակայն մէկ խումբը քնանալէ անմիջապէս առաջ ստացած է 40 կրամ բնասպիտ, իսկ միւսը` ոչինչ: Մկաններու հիւսկէններու քննութիւն կատարուած է բնասպիտի սպառումի ժամանակ, ինչպէս նաեւ` 7.5 ժամ ետք, քնանալէ յետոյ:

Արդիւնքը ցոյց տուած է, թէ բնասպիտի իւրացումի գործընթացը աւելի աշխուժ է այն անձերուն քով, որոնք քնանալէ անմիջապէս առաջ սպառած են զայն:

Այս յատկանշական յայտնաբերումը կ՛ապացուցէ, թէ մարմինը քնանալէ անմիջապէս առաջ բնասպիտ ստանալով` զայն կ՛օգտագործէ մկաններ շինելու համար: Անիկա նաեւ կասկածի տակ կ՛առնէ այն աւանդական խրատը, թէ ոչինչ պէտք է ուտել քնանալէ առաջ: Աւելի՛ն. մարզիկներուն մարմինը աւելի արագ կը վերանորոգուի եւ անոնց մկանները աւելի արագ կ՛ապաքինին, եթէ անոնք քնանալէ առաջ բնասպիտ սպառեն: Միջին տարիքի չափահասներ եւս քնանալէ անմիջապէս առաջ բնասպիտ սպառելով` կրնան դանդաղեցնել կամ կանխարգիլել մկաններու տկարացումի բնական ընթացքը, իսկ տարեցներ կրնան խուսափիլ մկաններու մաշումէն: Իրօք, այս խուսափումը մեծ դեր կրնայ խաղալ տարեցներու կեանքի որակը բարելաւելու մէջ:

Ուսումնասիրողներու այլ խումբ մը քննած է բնասպիտի ներգործութիւնը մկաններու գործունէութեան վրայ: Ուսումնասիրութեան ընթացքին բնասպիտ ներարկուած է տարեց տղամարդոց ստամոքսին մէջ, երբ անոնք քնացած են: Բնասպիտի դրական ներգործութիւնը շեշտուած է նաեւ այս խումբին քով:

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Կշռոյթով Շարժիլը Կրնայ Նպաստել Լեզուական Կարողութիւններու

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Տուրմին Ձեւը Արդեօք Կը Փոխէ՞ Անոր Համը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.