Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, հայրենի մարզական լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, ներկայացնելով ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արդիւնքները, ըսաւ, որ բողոք-նամակ մը պիտի ներկայացնէ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին, որպէսզի Արթուր Ալեքսանեանի աւարտական հանգրուանի ճակատումին իրաւարարները իրենց սխալը անգամ մը եւս չկրկնեն:
«Իւրաքանչիւր ախոյեանութեան կամ մրցաշարքի, մենք կը մեկնինք մարտականօրէն տրամադրուած եւ յաղթելու վճռակամութեամբ: Սկիզբէն չենք կրնար ըսել, որ այսպէս կամ այնպէս պիտի ընենք: Մարզական աշխարհի մէջ ամէն ինչ կրնայ պատահիլ: Ընդհանուր առմամբ գոհ եմ բոլոր արդիւնքներէն, հակառակ անոր որ մեր բոլոր մետալակիրներն ալ արժանի էին ոսկի մետալին եւ կրնային պայքարիլ այդ կոչումին համար», ըսաւ ան:
Իր խօսքը շարունակելով` Ջուլֆալակեան ըսաւ.
«Արսէն Ջուլֆալակեանի ճակատումները բարձր կը գնահատեմ: Ճիշդ է, որ ան դարձեալ պարտուեցաւ Վլասովէն, սակայն այս անգամ այդ պարտութիւնը արձանագրուեցաւ իր իսկ կողմէ կատարուած թեքնիք սխալին պատճառով: Այո, թէեւ յաղթանակի բանալին ցարդ չենք գտած, սակայն կու գայ ժամանակը, որ կը յաղթենք: Մեզի համար անկարելի ոչինչ կայ:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Արթուր Ալեքսանեանին, ան իրաւարարներուն կոպիտ սխալին պատճառով զրկուեցաւ ոսկի մետալէն: Մեր կողմէ բողոքագիր-նամակ պիտի ուղարկենք Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին, որպէսզի յառաջիկային նման սխալներ չկրկնուին: Արթուրը վերջին երկվայրկեաններուն չէր լսեր մեր հրահանգները եւ կը կարծէր, որ կը յաղթէ եւ չէր փորձեր կէտեր հաւաքել:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռոման Ամոյեանի վերադարձին, մենք բոլորս ալ պէտք է շատ ուրախ ըլլանք: Այդքան դէպքերէ ետք ան յաջողեցաւ վերադառնալ, վերականգնիլ եւ դառնալ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ շատ գոհ եմ ընդհանուր արդիւնքներէն»:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Ջուլֆալակեան ըսաւ, որ յառաջիկային հայ ըմբիշները պիտի մասնակցին Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին Եւրոպայի լաւագոյն վեց խումբերը:
Անոր համաձայն, այդ մրցաշարքին պիտի մասնակցին երիտասարդ ըմբիշները, որպէսզի իրենք զիրենք դրսեւորեն: Իսկ մեծահասակ ըմբիշները պիտի շարունակեն մարզուիլ` պատրաստուելու համար յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստանի ախոյեանութեան:


