Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ. Խօսք` Արցունքի Մասին

September 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Հիմա պիտի ուզէի հետաքրքրական փակագիծ մը բանալ ու խօսիլ նիւթի մը մասին, որուն շատ չենք անդրադարձած: Պիտի յիշեցնեմ, որ մեր աչքերը միայն տեսնելու չեն ծառայեր: Անոնք ունին ուրիշ պարտականութիւն մըն ալ: Կը ստեղծեն մեր արցունքը: Մէկը, որ կը տառապի ու ցաւ կը քաշէ, կու լայ, եւ լալը կը նշանակէ` աչքերէն արցունք հոսեցնել: Աչքն է, որ կը ստեղծէ արցունքը, կամ աչքը արցունքին աղբիւրն է: Հոս հետաքրքրական կէտը սա է: Մենք մեր մարմնին բոլոր մասերով կրնանք քրտնիլ, բայց միայն աչքով է, որ կրնանք արցունք հոսեցնել: Երբ բանի մը համար տխրինք, «աչքերս լեցուեցան» կ՛ըսենք, կամ կ՛ըսենք` «աչքերս խոնաւցան»: Կարծես մեր տառապանքը արտայայտելու պարտականութիւնը դրուած է մեր աչքերուն վրայ: Իսկ քրտինքի պարագան տարբեր է: Քրտինքը աշխատելու խորհրդանշանն է: Մարդ թէեւ տաքնալով ալ կամ անհաճոյ բանի մը մասին մտածելով ալ կրնայ քրտնիլ, բայց, ըստ էութեան, քրտինքը աշխատանքի ու վաստակի խորհրդանշանն է, ինչպէս որ արցունքն ալ` տառապանքի խորհրդանշանը: Թէեւ ուրախութեան արցունքներ ալ կան, բայց ասիկա երկրորդական կը մնայ: Արցունքը տառապանքի խորհրդանշանն է եւ այդ արցունքին միակ աղբիւրը աչքն է: Եւ դարձեալ հետաքրքրական է, որ եթէ սխալ չեմ գիտեր, մարդը մէկ աչքով միայն չի լար, երկու աչքով կու լայ:

Եթէ աչքերուն գլխաւոր պարտականութիւնն է տեսնել, ատոր համար ալ պայման է անշուշտ, որ անոնց բաց մնան: Բայց պարագայ մը կայ, ուր մարդ պէտք է գոցէ իր աչքերը: Ասիկա, ինչպէս շատեր անմիջապէս պիտի հասկնան, քնանալու պարագան է: Մարդը բաց աչքերով չի կրնար քնանալ: Թէեւ կարգ մը մարդոց համար կը սիրենք ըսել, որ` «մարդը ոտքի վրայ բաց աչքերով կը քնանայ», բայց քնացող մարդը աչքերը կը գոցէ: Կամ աւելի ճիշդ է ըսել, որ մարդ քնանալ կը սկսի, երբ իր աչքերը կը գոցէ: Որքան յաճախ կը պատահի, որ մեր քունը կը փախչի, չենք կրնար քնանալ, չենք կրնար մեր աչքերը գոցել: Որքան ալ գոցել ու քնանալ աշխատինք, այնքան կը փախչի մեր քունը: Մեր աչքերը ամուր կը գոցենք, որպէսզի մեր շուրջը չտեսնենք ու քնանանք: Բայց միշտ չէ, որ կը յաջողինք: Մարդիկ կան, որոնք ընդհանրապէս կը քնանան, անմիջապէս որ իրենց գլուխը դնեն բարձի մը վրայ: Ուրիշներ ալ երկար ժամանակ չորս կողմ կը դառնան անկողնին մէջ: Բայց երբ կը քնանանք, մեր աչքերը գոցած ենք այլեւս ու չենք տեսներ: Քնանալու ընթացքին մեր գրեթէ բոլոր գործարանները կը շարունակեն աշխատիլ, արեան շրջագայութիւնը, շնչառութիւնը, ստամոքսին աշխատանքը, երիկամներու գործունէութիւնը կը շարունակուի, միայն մեր աչքերն են, որ կը դանդաղեցնեն իրենց գործունէութիւնը:

Բայց հարցնենք անգամ մը: Քնանալու ընթացքին, երբ մեր աչքերը կը փակենք, իսկապէս կը դադրի՞նք տեսնելէ: Այս նիւթը բաւական վիճելի է: Երբ մեր աչքերը կը գոցենք ու քունի մէջ կը թաղուինք, անշուշտ որ այլեւս չենք տեսներ մեր շուրջբոլորը: Բայց ուրիշ բաներ կը տեսնենք: Կ՛ակնարկեմ երազներուն: Երազել բառին որպէս հոմանիշ կը գործածենք «երազ տեսնել» ասութիւնը, որ մեզի մասամբ կը յուշէ, թէ քնանալու ընթացքին ալ կը շարունակենք «տեսնել», հոգ չէ թէ մեր տեսածը երազ մըն է պարզապէս: Հոգեբանական գիտութիւնը շատ մելան սպառած է երազներու վրայ: Երազին մէջ տեսնուածը աչքո՞վ տեսնուած տեսարան, թէ մտքով ապրուած տեսարան է: Գիտենք, որ քունի մէջ ալ կը մտածենք եւ երազին հիմը այդ է: Բայց քունի մէջ նաեւ կը տեսնե՞նք արդեօք: Մեր աչքը գոց վիճակով ալ կը շարունակե՞նք տեսնել: Չեմ գիտեր, թէ այս հարցումը իր պատասխանը գտա՞ծ է գիտութեան մէջ:

Բայց եկէք պահ մը դարձեալ ականջ տանք անմահ Վահան Թէքէեանին, որ իր նշանաւոր «Եկեղեցին հայկական»-ին մէջ գրած է սա հոյակապ տողը.

«Եկեղեցին հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ»:

Բանաստեղծները յաճախ նկարագրած են այնպիսի զգայնութիւններ, որոնց ընթացքին մարդ մէկ աչքով կու լայ, միւս աչքով կը խնդայ: «Մէկ աչքով լալ, միւսով խնդալ»: Ասիկա բանաստեղծական խօսք է, իրականին մէջ այդպիսի բան չկայ: Մարդուս երկու աչքերն ալ իրական երկուորեակներ են եւ միասնաբար կու լան կամ միասնաբար կ՛ուրախանան:

Ճիշդ է սակայն, որ մենք ալ երբեմն կը ստիպուինք գործածել մեր մէկ աչքը միայն: Ասիկա, օրինակ, մասնաւորաբար կը պատահի հրացանով նշանառութեան ընթացքին: Նշանառութեան ընթացքին պարտաւոր ենք մեր մէկ աչքը փակելու, թէեւ, փառք Աստուծոյ, չենք ստիպուիր հրացան կամ ատրճանակ գործածելու: Բայց նշանառութեան մէջ մէկ աչքը փակելը պայման է: Մարդոց մեծամասնութիւնը աջ աչքը աւելի դիւրաւ կը փակէ, քան` ձախ աչքը: Յաճախ կը տեսնենք մարդիկ, որոնք իրենց մէկ աչքը գոցելու անկարող են եւ ձեռքի օգնութեամբ է, որ կը գոցեն: Չեմ գիտեր, թէ նշանառութեան պարտաւորութենէ դուրս, կա՞ն ուրիշ պարագաներ ալ ուր մարդը ստիպուի իր մէկ աչքը գոցել: Միայն թէ գիտեմ, որ մարդ ունի նաեւ սովորութիւն մը, որ կը կոչուի «աչք քթթել»: Այսինքն` իր մէկ աչքը գոցել բանալ նշանակալից կերպով: Աչք քթթելը մաքրակրօն բառ է, ժողովուրդը ատոր տեղ կը գործածէ «աչք ընել» ասութիւնը: Աչք քթթելը ունի զանազան առաքելութիւններ: Երբեմն աչք կը քթթենք դիմացինին հասկցնելու համար բան մը, զոր չենք ուզեր, որ երրորդ անձ մը իմանայ: Երբեմն աչք կը քթթենք դիմացինին հասկցնելու համար, որ կը կատակենք: Ուրի՞շ: Ո՛վ գիտէ` տակաւին ինչ իմաստներ կան աչք քթթելու գործողութեան մէջ:

Բայց անցնինք:

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Կակազել

Յաջորդը

«Մենք Ապրելու Ենք Մեր Երկրում» Ծրագիրը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.