Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիւրտ Ղեկավարներ Ներողութիւն Կը Խնդրեն Ցեղասպանութեան Մէջ Իրենց Մեղսակցութեան Համար

September 25, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոնը հանդիսացող Տիգրանակերտ նահանգի (Բուն Տիգրանակերտի (այժմ` Սուր) մէջ, հինգշաբթի, սեպտեմբեր 12-ին տեղի ունեցաւ «Համատեղ խղճմտանք» անունը կրող յուշարձանին բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Սուրի քաղաքապետ Ապտուլլա Տեմիրպաշ քիւրտերուն անունով ներողութիւն խնդրեց հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ընթացքին քիւրտերու մեղսակցութեան համար, միաժամանակ խոստացաւ պայքարիլ անոնց զոհերուն վնասուց հատուցում, իսկ քիւրտերուն` քաւութիւն ապահովելու համար:

Տեմիրպաշ նաեւ կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ ներողութիւն խնդրեն ցեղասպանութեանց համար եւ անհրաժեշտ քայլերը առնեն, որպէսզի իրենք եւս քաւեն իրենց անցեալի մեղքերը:

Սուր քաղաքի «Անզելէ» զբօսայգիին մէջ զետեղուած յուշարձանին վրայ գրուած է վեց լեզուներով, ներառեալ` հայերէնով, արձանագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «Ցաւերը միասնաբար բաժնեցինք, որ անգամ մըն ալ չպատահի»:

Տեմիրպաշ աւելցուց, որ համատեղ խիղճի արտայայտութիւն հանդիսացող այս յուշարձանը նուիրուած է երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ 1915-էն ի վեր ցեղասպանութեանց ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօնական խմբաւորումներու յիշատակին` նպատակ ունենալով հաշուետուութեան կանչել ցեղասպանութեանց պատասխանատուները: Ան նշեց, որ յուշարձանը կանգնած է ի յիշատակ հայերուն, ասորիներուն, եզիտիներուն, ալեւիներուն եւ հրեաներուն, ինչպէս նաեւ` ցեղասպանական արշաւին դէմ կանգնած բոլոր սիւննիներուն:

Տիգրանակերտցի հեղինակ Մկրտիչ Մարկոսեան ողջունեց յուշարձանին բացումը` յոյս յայտնելով, որ անոր կը յաջորդեն յաւելեալ քայլեր:

Իր կարգին, Տիգրանակերտի կրօնականներու միութեան նախագահ Զահիտ Չիֆթքուրան նախ ներողութիւն խնդրեց ցեղասպանութեանց համար եւ ըսաւ, թէ կը նախընտրէ պատմութեամբ մը արտայայտել իր զգացումները. «Ճաշարանի մը առջեւէն անցնող մարդ մը ուրախութեամբ ճաշարան մուտք կը գործէ, երբ անոր պատին վրայ կը կարդայ հետեւեալ տողը. «Դուն կ՛ուտես, թոռնիկդ կը վճարէ»: Ճոխ ընթրիքէ մը ետք, երբ ճաշարանին տէրը վճարում կը պահանջէ իրմէ, ան ցոյց կու տայ պատին յայտարարութիւնը, որուն ճաշարանին տէրը կը պատասխանէ. «Այս մէկը մեծ հօրդ կերածին համար է»: Այսօր մենք պարտաւոր ենք վճարելու մեր մեծ հայրերու արարքներուն համար»:

(Քաղուած` Կիւլիսոր Աքքումի լրատուութենէն)

 

Նախորդը

Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Մը` Միացեալ Նահանգներու Բանբեր

Յաջորդը

Ամերիկեան Քոնկրեսի` Յունաստանի Աջակցութեան Խումբի Համանախագահները Կը Սատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նոր Բանաձեւին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.