Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յետանկախութեան Առկախ Կացութիւն

September 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախ Հայաստանի կամ հայ անկախը իրարու կառչած եւ անքակտելի բառեր են: Մէկը շնչող էակ, իսկ միւսը` ներշնչող հող: Անկախութիւնը կը վայելէ հայորդիին, սակայն միայն վայելքին ու վայելչութեան այդ զգացական ապրումը չէ անկախութիւնը` Հայաստանի անկախութիւնը:

Գործ, պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն կայ կատարելիք: Եւ այդ ալ` ինչպէ՜ս ու յատկապէս` որքա՜ն:

Այսպէս, դարերու ընդմէջէն ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարած հայորդին, Մայիս 28-ի աներեւակայելին` «Խենթերու գտած  հնար»-ը կերտելէ, ապա ստիպողաբար կորսնցնելէ ու տեղի տալէ ետք, ի վերջոյ 1991-ին, դարձեալ անկախութեան տիրացած, այսօր իր անկախ հողաշերտի պահպանման, պաշտպանութեան ու զարգացման համար տիտանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Շարքը երկար է եւ կը կարօտի հետեւողական աշխատանքի` սկսելով անմիջական հայ ընտանիքէն մինչեւ բաւական բարձր դիրքի հասած տնտեսագէտը, ճարտարագէտը, քաղաքագէտն ու այլ բնագաւառներու մասնագէտը:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ կը նշանակէ արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմքերու վրայ կառուցուած առողջ միջավայր, ղեկավարութիւն, պետութիւն, ուր օրէնքն է գերիշխողը եւ անձը` «գերիշխուող»-ը: Այնպիսի աշխարհ մը, ուր հայորդի քաղաքացին, դուրս գալով շահագործող եւ շահագործուող կամ օգտագործող եւ օգտագործուող գոյավիճակէն, ճակատը բաց, առանց ստորակայութեան բարդոյթի, դուրս պիտի գայ դասակարգային կղզիացումէն եւ շնչէ շատ աւելի առողջ հոգեվիճակի մէջ, ուր երկրի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր կառոյցներուն միջեւ ազատօրէն արտայայտուելու ժողովրդավարութեան հիմքը պիտի գործէ հեզասահօրէն, ամենայն թափանցիկութեամբ եւ առանց սայթաքումի:

Դեռ աւելի՛ն. ներքին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական կեանքին մէջ երեւցող թերութիւններու հետեւանք ծայր առած արտագաղթը ոչ թէ միայն  մտահոգութիւն, այլ ահազանգային կացութիւն կը ստեղծէ, որուն դիմաց անկախութեան համար պայքարած ղեկավար հայորդին շուտափոյթ աշխատանքի լծման կարիքն ունի, արմատական լուծումներ գտնելու եւ այդ վտանգաւոր հոսքը կասեցնելու համար:

Այս է ներկայ Հայաստանի յետանկախութեան առկախ կացութիւնը, որուն վրայ դեռ կարելի է աւելցնել Արցախի հզօրացման եւ վերաբնակեցման կարեւորութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան ծանր աշխատանքը` թուրք եւ ազերի լոպիինկին դիմաց:

Այսպէս, անկախութիւնը ԳՈՐԾ է… յարատեւ, անսխալ եւ սուրբ:

Պոսթըն -Մասաչուսեց

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Բարձր Պահենք Անկախութեան Ամրապնդումի Ոգին

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Վերականգնենք Մեր Լաւատեսութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.