Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն. Հաղորդագրութիւն

September 21, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր լիագումար նստաշրջանը ունեցաւ 14-15 սեպտեմբեր 2013-ին, Երեւանի մէջ:

Լիագումար ժողովը հանգամանօրէն քննեց Համազգայինի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան վիճակը եւ առկայ կազմակերպական խնդիրները, Համազգայինի շրջաններուն եւ կառոյցներուն  գործունէութիւնը,  կրթական հաստատութիւններուն կարիքները եւ ծրագիրները, Համազգայինի ընտանիքին մշակութային գործունէութիւնը, սփիւռքահայ երիտասարդութեան հետ Համազգայինի յարաբերութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի մէջ ծաւալուող գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Լիբանանի գրասենեակներուն գործունէութիւնը եւ Ամերիկայի մէջ գրասենեակ հաստատելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, հաշուական, եւ շինարարական հարցեր եւ ծրագիրներ: Իր գործունէութիւնը յատկանշող այս բոլոր մարզերուն համար լիագումար ժողովը կատարեց իր գնահատումները եւ յանգեցաւ համապատասխան եզրակացութիւններու եւ որոշումներու:

Լիագումար ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ իր գնահատանքը արձանագրեց սուրիահայ միութիւններու եւ կառոյցներու մեծ նուիրումով տարած ժրաջան աշխատանքին համար: Ժողովը հաստատեց այս դժուար օրերուն սուրիահայ համայնքին կողքին կանգնելու եւ օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Նկատի առնելով Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին պիւտճէական տագնապը` ժողովը որոշեց նիւթական յատուկ օժանդակութիւն տրամադրել անոր:

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ պարոն Արամ Սիմոնեանին հետ: Քննարկումները կեդրոնացան հասարակաց ծրագիրներու գործադրութեան ներկայ ընթացքին, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ սերտ գործակցութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Պէյրութ, 20 սեպտեմբեր  2013

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ազգովին Ընդառաջենք Հայրենիքի Հզօրացման Մարտահրաւէրին

Յաջորդը

Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ի. Փութին 4-րդ Անգամ Նախագահ Ընտրուիլը Չէ Բացառած

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.