Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանաբար այս շաբաթավերջին բացակայի Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, որ կ՛իյնայ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»ի- 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Մէջբերելով Sport-express-ի թղթակիցին խօսքերը` ArmSport.am կը յայտնէ, թէ ակումբին բժիշկը ըսած է, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումին ան հաւանաբար դաշտ չներկայանայ` քիչ մը անհանգիստ ըլլալուն պատճառով:


