Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան»-ներու Գնահատելի Հրատարակութիւնները

September 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ճարտարագէտ Յարութիւն Իսկահատեան հետաքրքրական, այլապէս ալ նոյնքան կարեւոր հաւաքագրական աշխատանքի մը լծուած է` լոյսին բերելով, յաջորդաբար, «Վկայարան Հայոց ցեղասպանութեան» հատորները (հինգ հատոր):

Խորագիրը ինքնին կը յուշէ այս հրատարակութիւններուն բովանդակութիւնը` անոնց տալով ինքնատպութիւն մը եւ իւրայատկութիւն մը, միայնգամա՛յն, պարզապէս անոր համար, որ տքնաջան, պրպտողական ու հետեւողական աշխատասիրութեան մը պտուղն են անոնք:

Իսկահատեան գիտութեան ու ուսողագիտութեան մասնագիտութիւն մը ընտրած է, բայց ան ուսանողական տարիներուն իսկ յատուկ սէր ու կապուածութիւն ցուցաբերած է հայոց լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթին նկատմամբ` հետագային հետեւելով Հ. Բ. Ը. Միութեան «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական Հիմնարկի դասընթացքներուն:

Տարիներու թաւալքը ու կեանքի պայմանները, սակայն, երբեք պատճառ չդարձան, որ Յարութիւն Իսկահատեան մոռնայ կամ հեռանայ իր ինքնութենէն եւ արմատներէն, ընդհակառակը, ան աւելի կառչած մնաց անոնց, աւելի փարած` անոնց նուիրականութեան:

Լուսարձակներէ հեռու, Իսկահատեան շարունակեց իր հետազօտութիւնները, յարատեւօրէն, իր «լուման» բերելով Հայոց ցեղասպանութեան հաստափոր թղթածրարին` առանց յաւակնութիւնը ունենալու, որ ամբողջական են անոնք, որովհետեւ համոզուած էր այս նիւթին անսպառութեան եւ լայնածիրութեան:

Առաջին հայեացքով, ոմանց մօտ կրնայ ստեղծուիլ այն տպաւորութիւնը, թէ` «Վկայարան»-ները այդքան ալ ջանք ու ներդրում պահանջող գործեր չեն, ինչ որ հիմնովին սխալ մտածում մըն է, այնքան ատեն որ հեղինակը հսկայական աշխատանք տարած է (գրադարան, մամուլ, անհատ, եւայլն) յայտնաբերելու ու հաւաքելու Ցեղասպանութեան նուիրուած հրատարակութիւնները:

Ճիշդ է, այս հատորները ուսումնասիրական, վերլուծական կամ մեկնաբանական չեն, այլ` չոր արձանագրութիւններ, սակայն, առանց կորսնցնելու իրենց այժմէականութիւնն ու շահեկանութիւնը, ներկայ եւ ապագայ պատմագիրներուն ու ցեղասպանագէտներուն տրամադրութեան տակ դնելով զանոնք` առ ի համապատասխան օգտագործում եւ արժեւորում:

Գիրքերուն ընթերցումը իւրաքանչիւրին հեղինակային հատորով ու մատենաշարային կարգով, Հայոց ցեղասպանութեան վաւերականութեան ու վաւերագրութեան արտացոլումն է, սեղմ ու տեղին պարունակութեամբ:

Յարութիւն Իսկահատեան բանասէր չէ, ոչ ալ` պատմաբան, սակայն իր այս հրատարակութիւնները կը միտին պատկան մասնագէտներուն օգտակար դառնալու, առաւել` ան փորձած է անոնց տալ գիտականութեան ու ճշգրտութեան գնահատելի շղարշ մը, այս պարագային` անձնանուններու, տեղանուններու, տպարաններու, պարբերականներու եւ յարակից ցանկերով:

Հայոց ցեղասպանութեան գրականութեան մէջ «Վակայարան»-ները եւս ունին որոշակի արժէք` թէ՛ գրահրատարակչական, թէ՛ յուշագրական, թէ՛ նկարագրական, թէ՛ մատենաշարական առումներով, որուն համար շնորհակալ դեր կատարած է Իսկահատեան:

Յարութիւն Իսկահատեան վստահաբար «վճռած» է շարունակել «Վկայարան»-ներու երթուղին` նոր իրագործումներով ու հրատարակութիւններով, որուն համար իրեն կը մաղթենք ամենայն յաջողութիւն:

Պէյրութ, 5 օգոստոս 2013.

 

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Երաժշտութիւնը Կը Ղեկավարէ Մեր Զգացումները

Յաջորդը

«Նոր Պտոյտներ, Նոր Դէմքեր» (Հեղինակ` Արամ Գամպուրեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.