Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Հետ. Յիշատակներ Անցած Օրեր…

September 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հետաքրքրութիւն ստեղծող գիրք մը եղաւ Պօղոս Շահմելիքեանի (նախկին լիբանանահայ) Լոս Անճելըսի մէջ լոյս ընծայած «Յիշատակներ, անցած օրեր» պատկերազարդ հատորը: Մօտ տարի մը առաջ «Ազդակ» օրինակ մը ստացաւ այս գիրքէն, որ նուիրուած էր 1960-ական թուականներէն մինչեւ 1975 թուականներուն Լիբանանի մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած երաժշտական կեանքին: Այդ օրերուն Լիբանանի մէջ ստեղծուած էին երիտասարդական խումբեր, երգի ու նուագի շնորհալի տղաք, որոնք ճազ կամ էսդրատային կոչուած ոճերու նուագահանդէսներ կը ներկայացնէին յատուկ սրահներու, գիշերային վայրերու մէջ: «Լա Ֆուրմի», «Լէ լիւնեթ նուար», «Տհը թիրզ», «Ֆայվ ֆինկըրզ» եւ այլ խումբեր երգի ու նուագի:

Ամառնային եղանակին մանաւանդ, Լիբանանի հովասուն վայրերը` Տհուր Շուէյր, Պուա տը Պոլոնիը եւ միւս գիւղական շրջաններու մէջ ուրախ ու հաճելի օրեր կ՛ունենային` ներկայութեամբը յիշեալ նուագախումբերուն, երգիչներուն: Այս ամէնուն մասին իր յուշերը գրած է Պօղոս Շահմելիքեան` Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտներէն, նոյն ատեն` կիթառահար, միշտ մասնակից երաժշտական ձեռնարկներու:

«Ազդակ» անդրադարձաւ գրախօսականով մը, որով բազմացան գիրքին նկատմամբ հետաքրքրուողները, մասնաւորաբար` նախքան լիբանանահայ պատերազմ Լիբանանի «ոսկեդարը» ապրած սերունդը: Բազմաթիւ էին գիրքը փնտռողները: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը յարմար տեսաւ գրասէրներուն եւ երաժշտասէր հասարակութեան փափաքը գոհացնել` անոնց ներկայացնելով Պօղոս Շահմելիքեանի ստեղծագործած յուշերու այս հաճելի հատորը:

Այս գիրքով հեղինակը իր յուշերուն ճամբով կը ներկայացնէ նաեւ նախքան լիբանանեան աղէտալի պատերազմ լիբանանահայութեան կեանքը, որ բարգաւաճ էր մշակութային, կրթական, ընկերային եւ տնտեսական իմաստով: 15-20 տարիներու վրայ երկարած լիբանանահայ կեանքը կ՛ուրուագծուի «Յիշատակներ, անցած օրեր» գիրքով, որ պայծառ յիշատակներ ձգած է հեղինակին հոգեկան աշխարհին մէջ:

Պօղոս Շահմելիքեան ունի պարզ լեզու, հաղորդական գրաւչութեամբ, գրական ճաշակ մը, զոր յայտնաբերեց նաեւ վերջերս «Ազդակ»ին ներկայացուած իր յօդուածներով` ճեմարանի իր աշակերտական կեանքէն քաղուած:

Անոնք, որոնք կ՛ուզէին օրինակ մը ունենալ այս գիրքէն, կրնան դիմել Համազգայինի գրախանութ, «Շաղզոյեան» կեդրոն, Պուրճ Համուտ:

Յուշագրութիւնները հետաքրքրութիւն ստեղծած են գրական սեռերու մէջ, եթէ գրուած են անկեղծ ու անմիջական ոճով, մանաւանդ` հիւմըրով: Այս գիրքին բարենիշն է մեր յիշած արժեւորումը` իբրեւ գնահատանք ընթերցողի:

 

 

Նախորդը

Սլաք. «Շան Գլուխ»-ը Ո՞ւր Թաղուած Է Եղեր…

Յաջորդը

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովին Ընդառաջ Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.