Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էնկին Արտըչի Յօդուածը «Սապահ»-ի Մէջ. Հայկական Հարցին Արմատը Ուղղակի Դրամ Է

September 17, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Սապահ»-ի սիւնակագիր Էնկին Արտըչ շատ ուժեղ յօդուած մը ունի Հայկական հարցին մասին: «Հայկական խնդրի արմատը դրամ է» խորագրեալ այս յօդուածը, ինչպէս խորագրէն ալ յայտնի կը դառնայ, կ՛ընդգծէ այն իրողութիւնը, թէ 1915-էն ետք օսմանեան եւ Թուրքիոյ քաղքենիութիւնը հիմնուեցաւ փոքրամասնութիւններու սպանդէն եւ աքսորէն գոյացած թալաններու վրայ:

Էնկին Արտըչ դիտել կու տայ, որ Հայկական հարցին մէջ հարցը ո՛չ թէ հողային խնդիր է, այլ ուղղակի` դրամական խնդիր: Թուրքիոյ մէջ 1914-ին մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար հայ կայ եղեր, իսկ 1927-ին մնացեր է հազիւ 77 հազար: Ասիկա յստակ է: Չենք հարցներ, թէ այս մարդիկը ո՞ւր գացին, յայտնի է` ո՛ւր գացին, ոմանք միւս աշխարհ, ոմանք Սուրիա եւ Լիբանան, ոմանք ալ հոնկէ` Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Քանատա: Այս մարդիկը Անատոլուի մէջ թէ՛ հողագործ, թէ՛ խանութպան եւ թէ՛ արհեստաւոր էին: Ամբողջ Անատոլուի վրայ տարածուած ապրանք եւ կալուած ունէին, դրամատուներուն մէջ դրամ, գործատեղիներ, խանութներ, աշխատանոցներ, տուներ, դաշտեր, անասուններ, այգիներով շրջապատուած կալուածներ: Ասոնց մասին որեւէ լուրջ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած: Ուստի օսմանեան տնտեսութեան պատմութիւնը գրի առնուած է, առանց որ մէկը անդրադառնայ ո՛չ իսլամներու տնտեսութեան:

Էնկին Արտըչ այս խորհրդածութիւնները ընելով` դիտել կու տայ, թէ իրեն ծանօթ տնտեսագէտներէն ո՛չ մէկը, նոյնիսկ` իր լուսահոգի տնօրէնը, երբեք չեն անդրադարձած տնտեսական այս նիւթին: Չենք կարծեր, որ չէին գիտեր. պարզապէս վախցած ըլլալու էին, չէին ուզած իրենց գլխուն գործ բանալ` այս խնդրին մասին խօսելով: Այս պատճառով մեզի շարունակ պատմեցին, որ օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղքենի դասակարգ չկար, իսկ փոքրամասնութիւնները «մեծահարուստ դաւաճաններ» էին:

Այսպէս կը հայհոյէին փոքրամասնութիւններուն:

Իրականութիւնն այն է, որ հայկական ապրանքները տեղահանութենէն ետք Անատոլուի ժողովուրդին կողմէ թալանուեցան կամ բաժնուեցան: Տուները, արտերը ձեռք փոխեցին: Ոմանք մեկնողներուն ապրանքներուն վրայ ձեռք դրին, ուրիշներ ալ ուղղակի տէրերը սպաննելով` անոնց ապրանքին տէր դարձան: Այս զարգացումը անշուշտ շատ յարմար էր աւելի վերջ իթթիհատականներու ժառանգորդը հանդիսացող Ճէ- Հէ- Փէ կուսակցութեան քաղաքականութեան, որ էր փոքրամասնութիւններու դրամագլուխը փոխանցել մահմետական թուրքերուն եւ ստեղծել սեփական քաղքենի դասակարգ: Աւելի վերջ ունեւորութեան տուրքի խայտառակութիւնն ալ ասոր նոր մէկ հանգրուանը պիտի ըլլար:

1915-ին հարստացող ժողովուրդը միշտ վախցաւ, որ օր մը իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջուէր: Այս պատճառով անոնք միշտ նեցուկ կանգնեցան Մուսթաֆա Քեմալին, որ զիրենք պիտի պաշտպանէր, եւ որուն ձեռքը սակայն մաս-մաքուր էր այս խնդիրներուն մէջ:

Էնկին Արտըչ այսպէս կը վերջացնէ յօդուածը.

Երբեմն հարցուցած եմ կառավարութեան զօրակցող լրագրող ընկերներու. «Իթթիհատականներուն գործած այս խոշոր սխալին ինչո՞ւ տէր կը կանգնիք, խե՞նթ էք դուք»: Անոնք գոհացուցիչ պատասխան մը չէին կրցած տալ: Ուստի ես պատասխանեմ այդ հարցումին.

«Որովհետեւ հիմա, երբ տնտեսութիւնը աղուոր կը քալէ, չենք ուզեր միլիառաւոր տոլարներու հատուցում մը վճարել: Ասոր համար է, որ կը զօրակցինք կառավարութեան»:

 

 

Նախորդը

Հայոց Կոտորածի Միջոցով Ձեռք Բերուած 5 Միլիոնի Ճակատագիրը

Յաջորդը

Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Նորսիկեան» Մանկապարտէզի Նորոգութիւն¬Բարեզարդում Եւ Այլ Նորութիւններ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.