
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի նախորդ շաբաթավերջի հարցազրոյցին` կատարուած ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ: Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները, որոնք առնչութիւն ունին հաւաքականին հետ. «Ըսուեցաւ, որ առանց ինծի մեր հաւաքականը պարտուեցաւ Դանիայէն: Դժբախտաբար, մեր հաւաքականին մէջ մրցակցութիւնը այդքան ալ մեծ չէ: Երբ հիմնական մարզիկներէն մէկը բացակայ ըլլայ, ապա անոր փոխարէն մէկը չկայ: 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին մենք միայն մէկ անգամ խաղցանք մեր լաւագոյն կազմով, եւ ատիկա Չեխիոյ դէմ էր: Այս իրականութիւնը նկատի ունենալով կը կարծեմ, որ Հայաստանի հաւաքականը վատ ներկայացումներ չի կատարեր: Մեր կազմը շատ բաներ կրնայ իրագործել, երբ բոլոր ֆութպոլիստները կազմ ու պատրաստ են: «Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռոման Պերեզովսքիի բացակայութեան, ան շատ զօրաւոր բերդապահ մըն է եւ կը նկատուի Հայաստանի հաւաքականին ոգին: Սակայն նշեմ, որ անոր բացակայութիւնը զգալի չդարձուց Գէորգ Գասպարով: «Սակայն հարցը կը վերաբերի տարբեր դիրքերու վրայ գտնուող մարզիկներուն: Իւրաքանչիւր դիրքի վրայ գտնուող մարզիկ անպայման իրեն փոխարինողը պէտք է ունենայ: Եթէ ինծի փոխարինող մը ունենայինք, անպայման կը յաղթէինք Դանիոյ: «Թէեւ բնակութիւն հաստատած եմ Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), սակայն նախընտրեցի կրել Հայաստանի ազգային հաւաքականին շապիկը` մերժելով ամերիկացիներուն առաջարկը: Թէեւ Դանիայէն կրած մեր պարտութենէն ետք Պրազիլի տոմս մը ապահովելը գրեթէ չքացաւ, բայց մեծ հաւատք ունիմ եւ ինքնավստահ եմ, որ մեր հաւաքականին ապագան փայլուն է»:



