Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը

September 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Դիտեցէք այս նկարը: Ահաւոր ողբերգութիւն մը կը պատկերուի հոն: Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն մասին միայն «մանր» պատկերացում մը կը գտնէք հոս. հարիւրաւոր անմեղ ու պատահական զոհեր…

Բացայայտուած է ողբերգութեան մէկ այլ երեսը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, Ղութայի ծանօթ դէպքէն ետք, Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակումի ընտրանքին թմբկահարման իր ճառին մէջ այս պատկերը ցուցադրած է` ըսելով, որ հոն հաւաքուած են սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ քիմիական զէնքերով կատարուած յարձակումին զոհերը, մեծ մասամբ` մանուկներ:

Լուսանկարին ցուցադրումը մեծ ցնցում պատճառած է… զայն նկարողին, որ կը կոչուի  Մարքօ Տի Լաուրօ: Մարդը ցնցուած է, որովհետեւ տեսած է, որ 2003-ին իր առած այս լուսանկարը կը ցուցադրուի իբրեւ նորութիւն. Լաուրօ այս պատկերը քաղած էր Իրաքի մէջ, 2003-ին…

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ու մեկնաբանութիւններ աւելորդ կը դառնան:

Կ՛արժէ, սակայն, յիշեցնել, որ նման ստապատիր քարոզչութիւն չի կատարուիր երբեմնի խորհրդայիններուն կողմէ, այլ կը կատարուի աշխարհի հզօրագոյն եւ արդարութեան պաշտպան երկրի ամէնէն պատասխանատու մէկ պաշտօնատարին կողմէ:

Կ՛արժէ նաեւ զարմանալ լուսանկարիչին… զարմանքին համար: Քերրիի «նախահայրերը» ծանօթ են նման սարքովի վերագրումներով: Իրաքի վրայ «Հայր Պուշ»-ի 1991-ի յարձակումին նախապատրաստութեան քարոզչութեան ընթացքին ալ Քուէյթէն պատկերասփռուած էր մայրանոցի մը մէջ պատահած ոճրային դէպք մը. բուժքոյր մը յայտարարած էր, որ Սատտամ Հիւսէյնի ուժերը մայրանոցին մէջ բազմաթիւ նորածին մանուկներ խողխողած էին վայրագօրէն: Կարճ ատեն ետք ի յայտ եկած էր, որ բուժքոյրը իրականութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու մօտ Քուէյթի դեսպանին դուստրն էր, որ ոչ մէկ կապ ունէր հիւանդանոցներու հետ, ոչ ալ մանուկներու ջարդ տեղի ունեցած էր:

Ահա թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կը վատնուին ճիգերը, որոնք խորքին մէջ պէտք է դրուին զինեալ զարգացումներու, ոճրային արարքներու եւ սուրիացիները ապրուստի ահաւոր վիճակներէ փրկելու ճամբուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Արցախեան Գործընթացում` Մեռեալ Փակուղի. Ամերիկացիները Փորձում Են Նոր Շունչ Տալ Բանակցութիւններին

Յաջորդը

Միլիոնաւոր Մարդիկ Դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Եգիպտական Ժողովրդական Զրոյցը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.