Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 98-ամեակ Այնճար. Դասախօսական Երեկոյ` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրը» Վէպին Մասին

September 12, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:

Հանդիպումը ունէր դասախօսական բնոյթ: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական մարմինին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց. «Այս շաբաթը տօնական է, եւ աշխարհի տարածքին մուսալեռցիները կոչուած են վերյիշելու եւ վերապրելու իրենց հերոսամարտը, անոր հերոսներու կտակը եւ մնալու միշտ լերան վրայ, անկէ վար չիջնելու որոշումով»: Ան հրաւիրեց օրուան դասախօս, մուսալեռցի գրաքննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանը` ներկայացնելու «Մուսա լեռը եւ անոր պայքարող ժողովուրդը` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օր»-ը վէպին ընդմէջէն:

Պօղոս Սնապեան

Պօղոս Սնապեան շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին ներկաները փոխադրեց Մուսա լեռ եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք հերոսամարտի նախօրեակի մթնոլորտն ու գլխաւոր ղեկավարները, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օր»-ը վէպին` անոր առաջին հրատարակութենէն սկսելով: Սնապեան ներկայացուց այս վէպին տարբեր թարգմանութիւնները, անդրադարձաւ այս վէպի մասին գրաւոր արտայայտութիւն ունեցած բազմաթիւ հայ թէ օտար գրողներու կարծիքներուն` վեր հանելով այս վէպին ունեցած մեծ ու անկրկնելի դերակատարութիւնը միջազգային շրջանակներուն մէջ: Ան թելադրեց նոր սերունդին անպայման կարդալ այս վէպը եւ ամրացնել իր հայկական ոգին:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ հետեւեցան լուսանկարներու օժանդակութեամբ ներկայացուած այս դասախօսութեան, որ եղաւ առիթ մը ազգային հպարտութեամբ լեցուելու:

 

 

Նախորդը

«Բագին Հանդէսի Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Յակոբ Պալեան Ներկայացուց Հայրենի Հանրածանօթ Բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեանի Նորագոյն Գործերէն Մէկը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Բեկումնային Կարողականութիւն Ունեցող Պատմական Պահու Մը Մէջ Կատարուած Առաջարկ Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.