Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, Նիսի մէջ (Ֆրանսա) սկսան ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերը:
Խաղերուն առաջին օրը` 8 սեպտեմբերին, ազատ ոճի ըմբիշներ Օհան Գիքինեան եւ Նարեկ Սիրունեան, պարտութեան մատնելով իրենց մրցակիցները, տիրացան ոսկի մետալներու, յաջորդաբար 55-րդ եւ 66-րդ դասակարգի մրցումներուն, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Այսպիսով, Գիքինեան աւարտականին յաղթելով քանատացի իր մրցակիցին, Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանի, աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան երկրորդ մրցանակակիրի իր տիտղոսներուն վրայ աւելցուց ֆրանսախօս երկիրներու ոսկի մետալը:


