Նախորդ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին ժողովին ընթացքին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու 2020-ի ողիմպիական ամառնային խաղերը:
Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտ, տնտեսական պատճառներով պարտուեցաւ, մինչ Պոլիս` հակակառավարական ցոյցերուն պատճառով:
Թոքիօ ստացաւ 60 քուէ, իսկ Պոլիս` 36, մինչ Մատրիտ քուէարկութեան առաջին իսկ հանգրուանէն պարտուեցաւ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Թոքիօ այս ընտրութեան մէջ յաջողեցաւ` շնորհիւ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի, որ շատ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ այս նպատակը յաջողցնելու համար:
Նշենք, որ Թոքիօ երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ ողիմպիական խաղերը` 1964-էն ետք:
2016-ի ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ` Պրազիլ:
Այլ կարեւոր տեղեկութիւն մը փոխանցելով «Ռոյթըրզ» կ՛եզրափակէ, որ Մատրիտ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով կը ձախողի իր առաքելութեան մէջ:


