Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զինետին Զիտան նախորդ շաբաթավերջին իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով յառաջապահ Կերըթ Պէյլի Թոթենհամէն Ռէալ Մատրիտ փոխանցումին ըսաւ, որ այդ մէկը արդարացի չէ:
«Ոչ մէկ մարզիկ 100 հազար եւրօ կ՛արժէ: Տասը տարի առաջ, երբ փոխան 75 միլիոն եւրոյի միացայ Ռէալ Մատրիտի, ըսի, թէ ատոր արժանի չեմ: Այժմ ի՞նչ կարելի է ըսել Պէյլի մասին: Չեմ կրնար հասկնալ, որ անոր փոխանցման համար ինչո՞ւ այդքան վճարուեցաւ: Ի վերջոյ, ասիկա ֆութպոլ է եւ այդ գծով ոչինչ կրնանք կատարել»:
Նշենք, որ 24 տարեկան Պէյլ 1 սեպտեմբերին միացաւ Ռէալ Մատրիտի:
Ինչ կը վերաբերի Զիտանի, ան այժմ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի օգնականն է:


