Մանչեսթըր Սիթիի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին նոր միացած մարզիկ Մարթին Տեմիշելիս, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ, աւելի քան վեց շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Արժանթինցի Տեմիշելիս, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ անգլիական ակումբին, բախտաւոր դուրս եկաւ, որովհետեւ ակումբին բժիշկը յայտնեց, որ ան վիրաբուժութեան կարիք չունի եւ այդ կարճ ժամանակամիջոցին պիտի ապաքինի:
Նշենք, որ Սիթիի վիրաւորներու ցանկին վրայ են նաեւ Վենսան Քոմփանի եւ Միքահ Ռիքարտծ:


