Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Մենք Դէմ Ենք Սուրիոյ Դէմ Ռազմական Գործողութիւն Արտօնող Բանաձեւին

September 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք դէմ ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած ու այս օրերուն Քոնկրեսին մէջ քննարկուող Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւն արտօնող բանաձեւին եւ կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր համակիրներուն` միանալու մեր ճիգերուն` ձախողցնելու զայն: Նախագահը իր բոլոր լծակներով կը ջանայ համոզել Քոնկրեսի անդամները, թէ Ամերիկան պարտաւոր է ռազմական պատժիչ քայլերու ձեռնարկել Սուրիոյ վարչակարգին դէմ, որպէսզի ճիշդ պատգամ փոխանցուի բոլոր անոնց, որոնք սեփական քաղաքացիներու դէմ քիմիական զէնք գործածելու մասին կրնան մտածել:

Մենք չենք ուզեր այստեղ վէճի մէջ մտնել, թէ որքա՞ն հաւաստի են ամերիկեան հաստատումները` Սուրիոյ նախագահին համակիր ուժերուն կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ: Անցեալի փորձառութիւնը կը յուշէ, թէ բոլոր մեծ պետութիւնները իրենց գործողութիւնները արդարացնելու համար կրնան գտնել պատրուակներ, կրնան նոյնիսկ կեղծել ու սարքել տեղեկագրեր` ապակողմնորոշելու համար հանրային կարծիքը:

Մենք պարզապէս կ՛ուզենք յստակացնել, որ դէմ ենք ամերիկեան զինուորական միջամտութեան` հետեւեալ պատճառներով:

Նախ եւ առաջ մեզի համար անընդունելի է աշխարհի ոստիկանի յաւակնութիւններով շարժող ամերիկեան որեւէ միջամտութիւն` արտաքին աշխարհի մէջ: Նման յաւակնութիւններու ետին թաքնուած են նեղ շրջանակներու շահեր, որոնց համար չենք կրնար ընդունիլ ամերիկացի մէկ զինուորի կեանքն իսկ վտանգել:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախաձեռնուած ու անոր քանի մը դաշնակից ուժերուն մասնակցութեամբ գործադրուած որեւէ յարձակում Սուրիոյ վրայ, իրապէս կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանը պայթեցնել` շղթայական անկառավարելի իրադարձութեանց ծնունդ տալով: Թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ գերհզօր տէրութիւններու հակադրութիւնները կրնան այնպիսի՛ բախումներու դուռ բանալ, որ անցեալի բոլոր պատերազմները շուքի տակ կրնան մնալ:

Արտաքին որեւէ ռազմական գործողութիւն, որքա՛ն ալ վիրաբուժական ճշգրտութեամբ իրագործուի, անպայմանօրէն արիւնահեղութեան պատճառ պիտի դառնայ` խլելով բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կեանք: Մենք յատկապէս մտահոգ ենք, որ թէ՛ զինուորական հարուածներու բերումով եւ թէ՛ այս յարձակումին ստեղծած մթնոլորտի դրդումով պիտի ահագնանան Սուրիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ հայերուն, դէմ սպառնալիքները:

Մենք մտահոգ ենք նաեւ, որ ամերիկեան այս արկածախնդրութիւնը պիտի խորացնէ հակաամերիկեան զգացումները աշխարհի տարածքին` հրահրելով ահաբեկչական նոր գործողութիւններ, որոնց դարձեալ զոհ պիտի երթան անմեղ քաղաքացիներ` այստեղ կամ աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ:

Տարբեր քաղաքակրթութեանց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ հիմնուած քարոզչական եւ քաղաքական քայլեր ձեռնարկելու քաղաքականութիւնը իր գործունէութեան իբրեւ հիմք յայտարարած նախագահ Օպաման այսօր իր խօսքով ու գործով լրիւ այլ կերպարանքով կը ներկայանայ մեզի: Ռազմատենչ իշխանաւորի մը յարիր վարքագիծով ան մեզ կը տանի իր նախորդին արահետներով` այդ ճամբուն վրայ խորտակելով աւելի մարդկային, աւելի հանդուրժողական, աւելի արդար Ամերիկա մը տեսնելու յոյսերը:

Նախորդը

«Պատմական Վտանգաւոր Պահ Է Ամբողջ Հայաստանի Համար». Հարցազրոյց «Փարիզեան Սուրճ» Ընկերութեան Նախկին Սեփականատէր, Ֆրանսահայ Գործարար Վալերի-Աշխէն Գործունեանի Հետ

Յաջորդը

Ռուսաստանի Ճնշման Տակ. Հայաստանը Կանգնեց Պարտադրուած Ընտրութեան Առաջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.