Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Խորհուրդներուն Յայտարարած Գործադուլը Մասամբ Գործադրուեցաւ

September 5, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման` Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան հետ

Պահանջելով Լիբանանի նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը` Տնտեսական խորհուրդներուն կատարած երէկուան գործադուլը մասամբ յաջողեցաւ, նկատի ունենալով, որ ոմանք անսացին այդ կոչին, իսկ ուրիշներ` ոչ:

Լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ տնտեսական, առեւտրական եւ տարբեր ծառայութիւններու մարզերուն վերաբերող կարգ մը աշխատատեղիներ, ընկերութիւններ եւ գործարաններ իրենց դռները փակ պահեցին, իսկ դրամատուները ամբողջութեամբ փակ մնացին:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները լիբանանցիներուն կը պարտադրեն անշեղ մնալ «Պաապտայի յայտարարութենէն» եւ կառչած մնալ չէզոք քաղաքականութեան:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան միակ երկիրն է, ուր գործատէրերը որոշած են կասեցնել աշխատանքը եւ գործադուլի դիմել:

Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական պլոքներն ու պետութիւնը կը հասկնան այդ որոշումը, որուն նպատակն է պահանջել երկրին աշխատանքներուն հսկող կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց երկրին մէջ ազգային երկխօսութեան վերսկսումը` ճշդելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պաշտպանել Լիբանանը, մասնաւորաբար իսրայէլեան վտանգներուն դիմաց:

Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց այն պայմանները, որոնք մղած են զիրենք գործադուլի որոշումը տալու:

Մամլոյ Ասուլիս

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցած Տնտեսական խորհուրդներու պատասխանատուները

Նշենք, որ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Տնտեսական խորհուրդները Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի իրենց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին աշխատատեղիներու ընդհանուր փակումին արդիւնքները, որոնց գնահատումով նշուեցաւ, որ արձանագրուած է որակական յաջողութիւն:

Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար յայտնեց, որ նկատի ունենալով Տնտեսական խորհուրդներուն ազգային յանձնառութիւնն ու ազդեցիկ դերակատարութիւնը, անոնք չեն կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ կը տեսնէ, թէ լիբանանեան պետութիւնը փուլ կու գայ, իսկ տնտեսութիւնը կը նահանջէ:

«Մենք պէտք էր մեր ո՛չը ըսէինք` մաղթելով, որ այս պարագային պետական պաշտօնատարները կ՛անսան կառավարութիւն մը կազմելու մեր կոչին», ըսաւ Քասսար:

Իր կարգին, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք մասնակցեցան գործադուլին:

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Ցոյց

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կրթութեան նախարարութեան եւ տարբեր շրջաններու սերայներուն դիմաց կազմակերպեց նստացոյցեր:

Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ նստացոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նստացոյցերուն մասնակցողները հաստատած են, որ Լիբանան մէկ եւ միացեալ պիտի մնայ` քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման կարգախօսին ներքեւ:

Ղարիպ պահանջեց կազմել կառավարութիւն մը, որ կը պահպանէ քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հոգայ լիբանանցիներուն ընկերային կարիքները:

Անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ յաւելումներուն մասին կատարուած յայտարարութիւններուն` Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ վստահաբար Ռայի պատրիարքին անճիշդ տուեալներ փոխանցուած են:

Ան խստիւ դատապարտեց դպրոցներուն կողմէ կրթաթոշակներուն յաւելումները եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն չվճարելու յաւելումները` հաստատելով, որ ուսուցիչները ոչինչ պիտի ստանան այդ գումարներէն:

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Նախագահ Սլէյմանն Ու Միքաթին Եւ Կը Նախագահէ Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբը Ստեղծուեցաւ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։