Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Զասպիքին Ղոսընին ներկայացուց Մոսկուայի ի գործ դրած ջանքերը` շրջանին մէջ զինուորական որեւէ գործողութիւն կանխարգիլելու նպատակով:
Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներն ու Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները:
Ղոսընի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկ, Քոլոմպիոյ դեսպան Ժորժինա Մալլաթ եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդ. Անթոնիօ Պոչեզ:
Քննարկուեցան վերոնշեալ երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:


