Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւակցագիր

September 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահութեան
Յարգարժան անդամներուն եւ բոլոր հայ գրողներուն
Սգահար հայ գրողներ,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական խորազգած զգացումներով կը միանանք ձեզի` բաժնելով սուգը մեր Սուրբ աթոռի մեծ բարեկամ, Հայաստանի գրողներու միութեան ժրաջան նախագահ, բազմավաստակ գրող եւ գրական ու մշակութային նուիրեալ գործիչ պրն. Լեւոն Անանեանի:

Լեւոն Անանեանի վաղաժամ մահով խոր վիհ մը բացուեցաւ ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ` յատկապէս եւ մեր մշակութային կեանքին մէջ` ընդհանրապէս: Յախուռն, գաղափարապաշտ, տեսլահար ու խոնարհ ուխտեալ ու արժանաւոր այս որդին հայ ժողովուրդին, վերջին երկու տասնամեակներուն, իր կեանքը վերածեց ծառայական առաքելութեան` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքի հեռաւոր հայօճախներ: Եղաւ մնայուն ներկայութիւն ամէնուրեք եւ արժանացաւ բոլորին յարգանքին ու սիրոյն: Եւ այդ ճամբուն վրայ, իբրեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» հանգանակի հաւատաւոր եւ յանձնառու մտաւորական, իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած գրական, մշակութային եւ կրթական զանազան նախաձեռնութիւններուն:

Մենք մօտէն ճանչցանք զինք, միասնաբար բաժնեցինք մեր համազգային մտահոգութիւններն ու ցաւերը, մեր պահանջատէր ժողովուրդի անժամանցելի երազներն ու պայծառ ապագայի տեսլականները եւ իբրեւ գնահատանք իր հարուստ վաստակին ու ամբողջական նուիրումին, 5 ապրիլ 2006-ին, Միջին Արեւելքի Հայ գրողներու Ա. համագումարին առիթով, զինք գնահատեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Հիմա ո՛չ եւս է Լեւոն Անանեան անցաւոր մարդը, բայց գոյ է եւ յաւերժ կենդանի պիտի մնայ իր գործը, մեսրոպաւանդ վաստակն ու ծառայական ուխտը, զորս կը հաւատանք, շարունակելու պիտի գան նորանուն նուիրեալ աւանդապահներ:

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

5 սեպտեմբեր, 2013

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիոյ Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանը Անգարա Պիտի Չվերադառնայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.