Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

June 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան Մատթէոսեան:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Անդրանիկ Տագէսեան, որ հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերին կրթական, ուսումնասիրական եւ հրատարակչական ու թարգմանչական աշխատանքները: Անդրանիկ Տագէսեան ըսաւ, որ Մատթէոսեան 1980-էն ի վեր կ՛աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին եւ լոյս ընծայած է շարք մը հատորներ:

Ապա խօսք առաւ օրուան դասախօս Վարդան Մատթէոսեան, որ «Փաուըր Փոյնթ»ի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Արժանթինի դպրոցներուն իրավիճակը: Ան ըսաւ, որ 1926-ին Արժանթինի մէջ սկսած են գործել կիսաժամ ամէնօրեայ դպրոցները, որոնց աշակերտները այլ դպրոցներու մէջ պետական ծրագիրներուն հետեւելէ ետք, հայկական դպրոցներուն մէջ կը սորվէին հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը: Ան հաստատեց, որ մինչեւ 1956 Արժանթինի մէջ ստեղծուած էին 34 կիսաժամ ամէնօրեայ դպրոցներ, երբ 1956-ին հիմնուեցան լիաժամ ամէնօրեայ ութ դպրոցներ:

Վարդան Մատթէոսեան նշեց, որ մինչեւ այսօր գործող հնագոյն դպրոցը «Արծրունի»ն է, որ հիմնուած է 1920 թուականին: Խօսելով հայկական դպրոցներուն դիմագրաւած տագնապներուն մասին, Մատթէոսեան ըսաւ, որ այդտեղ առկայ են լեզուի ու դասագիրքերու խնդիրները, մասնագէտ ուսուցիչներու բացակայութեան հարցը, աշակերտներու թիւին նահանջը եւ տնտեսական դժուարութիւնները, որոնց պատճառով ալ դպրոցներուն մէջ կ՛ընդունուին օտար աշակերտներ:

Մատթէոսեան նշեց, որ համայնքը իր դիմագիծը պահած է շնորհիւ դպրոցներուն եւ առանց դպրոցի արժանթինահայ գաղութը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Վարդան Մատթէոսեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ներկայիս հայերէնը կը դասաւանդուի իբրեւ օտար լեզու եւ ոչ թէ իբրեւ մայրենի լեզու:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ՎԷՊԻՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.