Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Խօսքը` Ամմանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին 3-4 Սեպտեմբեր 2013

September 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4 սեպտեմբերին, Ամմանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպում մը` հրաւէրովը Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին: Սոյն հանդիպման նպատակն է քննարկել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս հրաւիրուած էր թագաւորին կողմէ ներկայ գտնուելու յիշեալ հանդիպման. սակայն, վեհափառ հայրապետը յարմար նկատեց, որ Սուրբ աթոռի երկու երէց միաբաններ` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան ներկայ գտնուին յիշեալ հանդիպումին:

Ստորեւ վեհափառ հայրապետին խօսքը, զոր Սեպուհ սրբազան արաբերէնով կարդաց համագումարի ընթացքին:

Բարձր կը գնահատենք  Ն.Վ. Ապտալլա Բ. թագաւորին քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը ի մի խմբելու այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութիւնը` Միջին Արեւելքի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին: Այս առիթով կ՛ուզենք ձեզի հետ բաժնել կարգ մը մտահոգութիւններ ու մտածումներ.

Ա.- Ներկայ խորհրդակցական հաւաքին իբրեւ ընդհանուր թեմա ընտրուած է «Մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն քրիստոնեաները»: Մեր հայեցողութեամբ միայն քրիստոնեաները չեն, որ այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին, այլ նաեւ իսլամները եւ ամբո՛ղջ շրջանը: Քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները նաե՛ւ իսլամներուն մտահոգութիւնները պէտք է ըլլան եւ` փոխադարձաբար: Մենք միա՛սնաբար պէտք է դիմագրաւենք Միջին Արեւելքի մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, կը սպասէինք, որ այսօր մեզի հետ ըլլան նաեւ մեր իսլամ եղբայրները` իբրեւ դրացի, գործակից ու ճակատագրակից միասնաբար քննելու մեր մտահոգութիւնները: Եթէ անցեալին ու ներկային բաժանման գիծեր յառաջացան մեր միջեւ, անոնք եղան  պայմաններու պարտադրանքով ու միայն շահադիտական մօտեցումներէ մղուած: Քրիստոնեաներ ու իսլամներ անբաժանելի մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան: Բաժանման գիծեր իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ անընդունելի են: Ահա թէ ինչու այսօր նախընտրելի պիտի ըլլար, որ մենք երկխօսութիւն ունենայինք մեր իսլամ եղբայրներուն հետ` միասնաբար քննելու մեր ներկան ու շրջանի ապագան:

Բ.- Քրիստոնեայ եկեղեցիները, հակառակ պատմութեան ընթացքին իրենց ունեցած աստուածաբանական բնոյթ ունեցող կարգ մը տարբերութիւններուն, հիմնական հարցերու շուրջ անոնք մէ՛կ են: Արդարեւ, եկեղեցին մէ՛կ է իր էութեամբ, իր կեանքով ու առաքելութեամբ: Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր եկեղեցիները համախմբուած են Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին շուրջ եւ սա պահուն` իբրեւ այդ խորհուրդին նախագահներէն մէկը, ես ուրախութեամբ կ՛ուզեմ վկայել, թէ եկեղեցիները Միջին Արեւելքի մէջ կը գործեն ու կը ծառայեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ կը խօսին մէ՛կ ձայնով:

Գ.- Իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, հասարակաց նո՛յն արմատները ունին եւ նո՛յն բարոյական արժէքներուն վրայ խարսխած են իրենց կեանքն ու մտածողութիւնը: Պատմութեան ընթացքին, հակառակ զիրենք շրջապատող տարբեր պայմաններուն ու քաղաքական իրադարձութիւններուն, երկու կրօնները ամուր պահեցին իրենց միաստուածեան հիմքը եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու համակարգը: Ներկայ ժամանակներուն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ քանդող համաշխարհայնացումի հոսանքներուն դիմաց, իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կոչուած են միա՛սնաբար պայքարելու:

Դ.- Քրիստոնէութեան ու իսլամութեան արժէքներու համակարգին անբաժանելի մասը կը կազմէ փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը: Արդարեւ, հասարակաց արժէքներու կարգին մեր ունեցած տարբերութիւնները եւս պէտք է ճանչնանք ու յարգենք: Տարբերութիւնները մեզ պէտք չէ առաջնորդեն հակամարտութեան. անոնք պէտք չէ մեզ մղեն ինքնակղզիացումի. անոնք պէտք չէ ստեղծեն փոխադարձ անվստահութեան ու վախի մթնոլորտ: Ընդհակառակն, մեր հասարակաց արժէքներն ու տարբերութիւնները մեզ պէտք է մղեն յառաջացնելու գոյակցութեան վրայ հիմնուած այնպիսի ընկերութիւն, որ զօրեղ է իր հասարակաց արժէքներով ու հարուստ իր զանազանութիւններով:

Ե) Մեր արտայայտած այս մտածումները սոսկ տեսութիւն չեն, այլ` իրականութիւն: Իբրեւ օրինակ կ՛ուզեմ տալ հայ ժողովուրդի պարագան: Մենք դարեր շարունակ, Հայաստանի, ապա Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ իսլամներուն հետ ապրեցանք: Ներդաշնակ գոյակցութիւն մը յառաջացաւ երկու կրօններուն ու մշակոյթներուն միջեւ: Եթէ պատմութեան ընթացքին տխուր դէպքեր պատահեցան, օրինակ` Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին, անոնք միայն քաղաքական ու կայսերապաշտական նպատակներ կը հետապնդէին: Հայ ժողովուրդը իսլամներուն հետ գոյակցութեան հարուստ պատմութիւն մը ունի: Նոյնը կարելի է ըսել Լիբանանի մասին, ուր 18 համայնքներ կը գոյակցին` յարգելով իրենց զանազանութիւնները:

Զ.- Հետեւաբար, հարց կու տանք. ինչո՞ւ այս տխուր պատահարները եւ ցաւալի երեւոյթները, որոնք կը շրջապատեն մեզ Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններուն մէջ: Արդարեւ, 1) հաւատարմութիւն մեր հաւատքին նկատմամբ պէտք չէ նշանակէ անհանդուրժողութիւն ուրիշին հաւատքին նկատմամբ: 2) Որեւէ կրօն չի կրնար ընդունելի նկատել ահաբեկչութիւնը եւ բռնութիւնը իրենց տեսանելի կամ անտեսանելի արտայայտութիւններով: 3) Հասկնալով հանդերձ, թէ մեր կեանքի քաղաքական ու կրօնական տարածքներուն միջեւ ամբողջական բաժանում կարելի չէ յառաջացնել` յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, միաժամանակ, սակայն, կրօնին ու քաղաքականութեան ու անոնց առնչուած նպատակներու ամբողջական նոյնացումը կրնայ լուրջ կացութիւններ ստեղծել ընկերութեան կեանքին մէջ: 4) Փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը պէտք է դառնայ ուղենիշը մեր բոլորին. երկխօսութեամբ լուծում գտած հարցերը միայն կը դառնան մնայուն:

Է) Իբրեւ եզրակացութիւն, կ՛ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, որ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ եկուոր չեն, անոնք այս շրջանի պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան անանջատելի մասը կը կազմեն: Քրիստոնեաներ գործօն մասնակցութիւն բերած են շրջանի զարգացման: Անոնք կարեւոր դեր կատարած են նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք փոխյարաբերութեան ամրապնդման մէջ: Արդ, քրիստոնեաներ վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ, ինչ որ ալ ըլլան զիրենք շրջապատող պայմանները: Անոնք ինչպէս միշտ յանձնառու են ո՛չ թէ միայն երկխօսութեան, այլեւ ամբողջական ու շինիչ գործակցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան իսլամներուն հետ: Քրիստոնեաներ գիտակից են իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ ու միաժամանակ կառչած կը մնան իրենց իրաւունքներուն` իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

Նախորդը

Թայ-Չի-Չուան. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Տիրացաւ 2 Ոսկի Մետալի Եւ «Մասթըր»-ի Տիտղոսին

Յաջորդը

Ակնարկ. Օպամայի Ինքնապաշտպանական Քայլը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.