Ռումանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կրնայ կախակայուիլ Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ այն պաստառին պատճառով, որ անոր համակիրներուն կողմէ բերուած էր դաշտ, Պոսնիոյ դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին:
Պաստառին վրայ գրուած էր «Ազատութիւն Մլատիչին», եւ այդ խօսքին ընդմէջէն համակիրները կը պահանջէին պոսնիացի սերպ նախկին զինուորական ղեկավար Ռաթքօ Մլատիչի ազատ արձակումը:
Եու. Է. Էֆ. Ա.ին օրէնքները խստիւ կ՛արգիլեն մարզական միջոցառումները վերածել քաղաքական կամ այլ ոչ մարզական ցոյցերու:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Էյ. Փի. լրատու գործակալութիւնը, Եու. Է. Էֆ. Ա.ին վճիռը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ 16 յունիսին:


