Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Հայաստանի Համար Առաւել Նախընտրելի Է Ալիեւի Վերընտրութիւնը

September 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օգոստոսի 18-ին երիտասարդական բանակումի մը մասնակիցներուն տուած այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղղուեցան ներքին եւ արտաքին խնդիրներու վերաբերեալ շարք մը հարցումներ: Անոնցմէ մէկը յատկապէս արժանացաւ մեծ ուշադրութեան`  նախագահին անսպասելի պատասխանին պատճառով:

Ազրպէյճանի մէջ կայանալիք յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն Հայաստանի համար ո՞ր թեկնածուն աւելի նախընտրելի է հարցումին տուած պատասխանով նախագահ Սարգսեան զարմացուց բոլորը` նախապատուութիւնը տալով գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերընտրութեան:

Սովորաբար, երբ քաղաքական գործիչներուն կը հարցնեն, թէ ո՞վ է իրենց նախընտրած թեկնածուն օտար երկրի մը ընտրութիւններուն, անոնք ձեռնպահ կը մնան որեւէ կարծիք յայտնելէն կամ պարզապէս կը յայտարարեն, որ այդ մէկը տուեալ երկրի ընտրողներուն որոշումն է: Այս պարագային նախագահ Սարգսեան չխուսափեցաւ իր յստակ նախապատուութիւնը յայտարարելէն եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի համար նախընտրելի է հոկտեմբերին նախագահ Ալիեւի երրորդ անգամ ընտրուիլը.

«Հայաստանի համար, եւ ոչ միայն Հայաստանի համար, ժողովրդավարութեան ճանապարհով ընթացող հարեւաններն են ձեռնտու: Այստեղից էլ` եզրակացութիւն, որ որպէս հարեւան, յատկապէս որպէս բանակցային գործընկեր` մեզ միանշանակ ձեռնտու է ժողովրդավարական Ազրպէյճանը: Բայց եթէ այս հանգամանքը մի կողմ դնենք, հարցի պատասխանը հետեւեալն է` մեզ համար թերեւս ամենաձեռնտուն կը լինէր, որ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաղթէր: Մենք անկախ նրանից, որ դժուարին, բայց երկար բանակցային ճանապարհ ենք անցել, եւ գրեթէ ուրուագծուել է խնդրի լուծման ճանապարհը, գոնէ` Մինսքի խմբի համանախագահների առաջարկած սկզբունքները հրապարակաւ ընդունուելը: Դրանց շուրջ արդէն չորս տարի է աշխուժ բանակցութիւններ ենք վարում: Ճիշդ է, հիմա ես չէի ասի, որ բանակցային գործընթացը շատ աշխուժ է ընթանում, բայց այնուհանդերձ, բաւական ճանապարհ ենք անցել, եւ եթէ ընտրութիւններից յետոյ Իլհամ Ալիեւը կարողանայ կամք դրսեւորել եւ վեր կանգնել հայատեացութեան իր այդ մոլուցքից, ես կարծում եմ` մեզ համար ամենաընդունելի եւ նախընտրելի տարբերակը դա է»:

Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատութեան արժանացաւ ինչպէս մեր երկրի, ինչպէս նաեւ, ինչ որ զարմանալի չէ,  Ազրպէյճանի մէջ:

Երեւանի մէջ ընդդիմութեան առաջնորդները ապշած էին, որ Հայաստանի նախագահը կրնայ արտայայտուիլ ի նպաստ վերընտրութեան նախագահ Ալիեւի, որ բազմիցս սպառնացած է յարձակիլ Արցախի վրայ: Անոնք զարմացած էին, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Ազրպէյճանի բռնակալ եւ ռազմատենչ նախագահը օգտակար ըլլալ Հայաստանի համար: Ազրպէյճանի ղեկավարները եւս դժգոհ էին Սերժ Սարգսեանի յայտարարութենէն: Նախագահ Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Նովրուզ Մամետով խստօրէն քննադատեց Հայաստանի նախագահը` վերջինիս պնդման համար, որ Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու է Ալիեւի վերընտրութիւնը: Նաեւ, Մամետով քննադատեց Ազրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները` Սարգսեանի յայտարարութիւնը իրենց «աղտոտ ընտրապայքարի մէջ» ընդդէմ Ալիեւի շահարկելու համար: Մամետով պարծենալով` եզրափակեց, որ Ազրպէյճանի նախագահը Սարգսեանի օժանդակութեան կարիքը չունի, քանի որ Ալիեւը կը վայելէ այնպիսի հեղինակաւոր համաշխարհային առաջնորդներու աջակցութիւնը, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Մինչ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կը պայմանաւորէ ի նպաստ Ալիեւի, ըստ էութեան, Արցախի բանակցութիւններուն շարունակական յառաջընթացով, կարելի է մտածել նաեւ յաւելեալ պատճառներու մասին, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի համար առաւել ձեռնտու  է Ալիեւի վերընտրութիւնը.

– Նախագահ Ալիեւ խոցելի ղեկավար է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կը դատապարտուի իբրեւ բռնակալ, կաշառակեր եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտող:

– Ալիեւ վատնած է իր երկրի քարիւղային հսկայ եկամուտները` հարստացնելով ինքզինք, իր ընտանիքն ու մտերիմները:

– Ան միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է գնելու համար զինամթերք, որ անոր չէ օգնած նոյնիսկ մէկ թիզ հող վերագրաւելու Արցախի տարածքէն:

– Անճարակ Ալիեւի վերընտրութիւնը վնասակար է Ազրպէյճանին եւ օգտակար` Հայաստանին: Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ նախագահի պաշտօնը, զինք փոխարինողը կրնայ ըլլալ աւելի գործունեայ ղեկավար, որ կրնայ իսկական վտանգ ներկայացնել Հայաստանին եւ Արցախին:

– Սարգսեանի կողմէն Ալիեւի նախընտրութիւնը կը նուազեցնէ անոր վստահելիութիւնը ազրպէյճանական ժողովուրդի աչքին, որ կը զարմանայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ղեկավարը,  որ կը ներկայացուի իբրեւ Ազրպէյճանի թշնամի, կը սատարէ իրենց նախագահին: Այս իրավիճակը Ազրպէյճանի պարարտ նիւթ ընձեռած է դաւադրութեան տեսաբաններուն համար: Քանի որ Ալիեւի վերընտրութիւնը կանխորոշուած է` նկատի առնելով երկրին աւանդաբար կեղծիքներով լի ընտրահամակարգը, Սերժ Սարգսեանի կողմէն Ալիեւին  նախապատուութիւն տալը չի կրնար յանգեցնել անոր պարտութեան, սակայն, անշուշտ, կասկածի ստուեր կը նետէ անոր արդէն իսկ վարկաբեկուած հեղինակութեան վրայ:

Վերջապէս, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կարեւոր է ունենալ կանխատեսելի գործընկեր` ըլլայ անիկա դաշնակից թէ թշնամի: Նախագահ Ալիեւի վերաբերումը Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ մինչեւ օրս եղած է միանգամայն կանխատեսելի: Վրացի լրագրող Գէորգի Լոմսածէն EurasiaNet.org կայքէջի մէջ շատ դիպուկ ներկայացուցած է Սարգսեանին կողմէ ի նպաստ Ալիեւի կատարուած  յայտարարութիւնը. «Նախընտրելի է այն սատանան, զոր գիտես, քան թէ այն, զոր չես գիտեր»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

 

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Ուրախ Եմ Ձայնդ Լսելով

Յաջորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.