
Ժամհուրի ակումբին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացաւ ախոյեան` արձանագրելով 1′ 05″ արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Տիալա Խազեն եւ Ասիլ Պասմա (Ինթըր Լեպանոն):
Աղջկանց բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն, Շանվիլի մաս կազմող Քարին Պչաքճեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1,54 մեթր արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Ալիք Թապաքեան (Ինթըր Լեպանոն), որ արձանագրեց 1,46 մեթր արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 200 մեթր վազքի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան (Ինթըր Լեպանոն) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 24″ 59 արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ազիզա Սպէյթի (Ժամհուր), որ արձանագրեց 25″ 95 արդիւնք մը:
Աւարտին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:


