Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն. «Լաւագոյն Մարզական Ընտանիք-2013»-ին Մասնակցեցաւ 2041 Ընտանիք

August 27, 2013
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Հայաստանի նախագահի մրցանակի համար «լաւագոյն մարզական ընտանիք-2013»-ի եզրափակիչ հանգրուանի մրցումները:

Այս միջոցառումին ներկայ էին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Եուրի Վարդանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

«Լաւագոյն մարզական ընտանիք-2013»-ի մրցումները տեղի ունեցան երեք հանգրուանով` չորս տարիքային խումբերով, վեց մարզաձեւերու մէջ:

Յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցումներուն մասնակցեցան 2041 ընտանիքներ` Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութենէն: Նախորդ տարի մասնակցած էր 1475 ընտանիք:

 

 

 

 

 

 

 

Աւարտական հանգրուան հասան նախնական հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարած 144 ընտանիք` Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները` անոնց յանձնեց վկայագիրներ, դրամական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ:

Այդ 144 ընտանիքներուն զաւակները նախագահին կողմէ ստացան նաեւ մարզահագուստներ եւ յուշանուէրներ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ «Մարզական ընտանիք» մրցումներուն բոլոր յաղթականները եւ մրցանակակիրները` մաղթելով, որ անոնք մի՛շտ ըլլան ուժեղ, առոյգ` գտնելով մնայուն յաջողութիւն: Բնականաբար, կը շնորհաւորեմ նաեւ բոլոր մասնակցողները, որովհետեւ բոլորին ներկայութեամբ Ծաղկաձորը ապրեցաւ ողիմպիական մթնոլորտ: Ողիմպիական կարգախօսը կ՛ըսէ, որ կարեւորը մասնակցութիւնն է եւ ոչ թէ յաղթանակը: Այս առիթով կու գամ ըսելու, որ 54 ընտանիքէն հասնելով 2041-ի, բաւական կարեւոր նուաճում մը կատարած եղանք: Սակայն պէտք է ընդլայնենք շրջանակը եւ առիթը տանք, որ այս մրցումներուն մասնակցին նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող ընտանիքները: Ասիկա եւս կարեւոր է, որովհետեւ անոնք ալ հասարակութեան լիարժէք անդամներ են, եւ անոնց պէտք է առիթ տրուի, որպէսզի ցոյց տան իրենց ունեցած կարողութիւնները:

Աւարտին, «Լաւագոյն մարզական ընտանիք-2013»-ի մրցումներուն կազմակերպիչները` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, նախագահ Սարգսեանին յանձնեցին յատուկ բաժակ մը:

 

Նախորդը

Լեւոն Փաչաճեան` Կոլի Հեղինակ

Յաջորդը

Վարդան Գ. Գազանճեան Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.