Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ անգլիացի միջազգային նախկին մարզիկ Կերըթ Սաութկէյթ նշանակուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար խումբի մարզիչ:
Նախկին մարզիչն էր Սթիւըրթ Փիրս, որուն սակայն նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ յունիսին տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան խումբը արձանագրեց բաւական ձախող արդիւնքներ:


