Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Աթլեթիզմի Պատմութեան Մէջ Ոսկեայ Էջեր Կերտած Վարդգէս Էսքիպաշեան

August 24, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻԵՍԹԵԼ ՍԱՆՆԵՀ    
(Լիբանանի մէկ քայլ ոստումի ախոյեան)

Վարդգէս Էսքիպաշեան. անուն մը, որ ոսկեայ տառերով արձանագրուած է Լիբանանի աթլեթիզմի պատմութեան էջերուն մէջ: Ան եղած է 60-ական, 70-ական եւ 80-ական տարիներու ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի զօրաւոր խումբին մարզիչը: Հազուագիւտ այն մարզիչներէն, որ իր ուսումը եւ պատրաստութիւնը ստացած է Եւրոպայի մէջ` Փորթուգալ. մարզած է բազմաթիւ ախոյեաններ, ինչպէս` Արտա Գալփաքեան, Եսթեր Մեծմօրուքեան, Անահիտ Սաաթչեան եւ ուրիշներ, մեծ ներդրում ունենալով Լիբանանի աթլեթիզմի զարգացման մէջ:

Այս տարուան ապրիլին ներկայ գտնուեցայ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած միջդպրոցական աթլեթիզմի մրցումներուն, Պուրճ Համուտի դաշտին վրայ: Մրցումներէն ետք մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց տարեց, բայց աշխուժ մարդ մը, յարգուած ու պատուըւած բոլորին կողմէ` կազմակերպիչ, մարզիչ, մարզիկ թէ ծնողք: Քովս կանգնած էր խմբակիցս` Լոռի Թաշճեանը (Լիբանանի 400 մ վազքի ախոյեան), որուն հարցուցի այդ մարդուն ինքնութեան մասին: Ան անմիջապէս պատասխանեց, թէ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիչ Վարդգէս Էսքիպաշեանն է: «Վարդգէս» այս անունը շատ անգամ լսած էի իմ առաջին մարզիչէս` Արտա Գալփաքեանէն, որ միշտ գովասանքով եւ յարգանքով կ՛արտայայտուէր անոր մասին:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք խնդրեցի Էլի Տաքեսեանէն (Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի անդամ), որ նոյնպէս Վարդգէսին մարզիկը եղած է, որ ինծի ծանօթացնէ մարզիչին: Միասին մօտեցանք իրեն. հիւանդ էր, խօսելու դժուարութիւն ունէր, իր կինը` Անահիտը  կը բացատրէր ըսածը: Ան նայեցաւ աչքերուս ու հարցուց. «Քեզ կը ճանչնա՞մ». ըսի` «ոչ, բայց Արտա Գալփաքեանը ինծի շատ բաներ պատմած է ձեր մասին»: Ժպտեցաւ, փաթթուեցաւ եւ համբուրեց` ըսելով. «Բարեւներս փոխանցէ Արտային, շատոնց չենք տեսնուած»: Յետոյ հարցուց, թէ ի՞նչ մարզաձեւ կը կիրարկեմ. երբ ըսի` մէկ քայլ ոստում եւ եօթնամարտ, բռնեց թեւերս եւ քանի մը շարժում ընել տուաւ ու բացատրեց, թէ եօթնամարտ-ին մէջ նիզակ արձակել կայ. «Պէտք է ձեռքերուդ վրայ աշխատիս, որպէսզի ճկուն ըլլան». արդէն նախկին փորձառու մարզիչն էր խօսողը: Զրոյցը շարունակուեցաւ կնոջը` Անահիտին (40 տարիներ առաջ Լիբանանի 4×100 մեթրի մրցանակակիր) օգնութեամբ ու բացուեցան անցեալի յուշեր` ախոյեաններու, ախոյեանուհիներու անուններ, մրցաշարքեր, արդիւնքներ, փորձեր ու  մանրամասնութիւններ, որոնք ինծի համար շատ օգտակար էին:

Իրարմէ բաժնուեցանք կրկին հանդիպելու խոստումով, բայց այս անգամ` Արտային հետ. սակայն այդ հանդիպումի առիթը դարձաւ անկարելի: Վարդգէս Էսքիպաշեանին ծանօթանալս մեծ հպարտութիւն պատճառեց ինծի:

Վարդգէս Էսքիպաշեան եւ իրեն նմաններու նուիրեալ աշխատանքը եւ յիշատակը յարգելով է, որ պիտի յաջողինք Լիբանանի մէջ ստեղծել ու պահպանել մարզական մշակոյթ, որ այդքան կը պակսի մեզի:

 

 

 

Նախորդը

Բարեսիրտ Եւ Ծառայասէր Հայուհիի Պատկերի Մարմնաւորումը (Անի Քէշիշեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

«Տղա՛ք, Պիտի Վազենք»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.