
Սպիտակ տունը դատապարտեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն պնդումը, թէ Իսրայէլ Մոհամետ Մուրսիի Եգիպտոսի նախագահութենէն հեռացման մէջ դեր ունէր:
Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց, որ Էրտողանի խօսքերը «վիրաւորական, ոչ հիմնաւորեալ եւ սխալ էին»:
Ըռնեսթ նաեւ ըսաւ, որ այդպիսի յայտարարութիւնները ուշադրութիւնը կը շեղեն շրջանի երկիրներուն միասնաբար շինիչ կերպով աշխատելու կարիքէն:
Էրտողան Իսրայէլը ամբաստանած էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ ժողովին ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ դերակատարութեան առնչութեամբ «փաստ» ունի:
Աղբիւր մը հետագային «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլի դերակատարութեան վերաբերեալ Էրտողանի ակնարկած փաստը Իսրայէլի արդարութեան նախարար Ցիփի Լիվնիի եւ ֆրանսացի իմաստասէր ու գրող Պեռնար-Հանրի Լեւիի 2011-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին «համացանցի վրայ գտնուող» ժապաւէնն էր:
Լիվնիի մէկ բանբերը յայտնեց, որ «Իսրայէլն ու նախարար Լիվնին Եգիպտոսի ներքին հարցերուն կապելու որեւէ փորձ անհիմն է»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մէկ օգնականը Էրտողանի պնդումը «անհեթեթութիւն» նկատեց:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուիի գրասենեակը յայտնեց, որ Էրտողանի վերջին խօսքերը «իրողութեան վրայ հիմնուած չեն եւ խելքը գլուխը եղող կամ արդար ոեւէ անձի համար անընդունելի են»:
Գրասենեակը նաեւ ըսաւ, որ Էրտողանի խօսքերուն նպատակը «Եգիպտոսի ազգային միասնականութիւնը թիրախ դարձնելն է»` զգուշացնելով, որ Գահիրէի «համբերութիւնը հատնելու սահման կը հասնի»:
Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ աջակողմեան «Եիսրայէլ Պէյթինու» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման Էրտողանի խօսքերը «ատելութեամբ եւ գրգռութեամբ լեցուած» նկատեց: «Մենք Կէօպըլզի յաջորդին մասին կը խօսինք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Կէօպըլզ 1933-1945-ին նացի Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարարն էր:


