Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Օրին. Արաբական Ողբերգութիւն

August 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Գարո՞ւն: Ի՜նչ վարդագոյն երազներ հիւսուեցան: Արաբական երկիրներէն ամէնէն հզօրը պիտի դառնար ժողովրդավար հանրապետութիւն, ուր պիտի յարգուէին մարդկային իրաւունքները, խղճի ու խօսքի ազատութիւնները, ուր աղքատութեան դէմ համընդհանուր պայքարի միջավայր պիտի ստեղծուէր եւ ուր արդարութիւն պիտի տիրէր:

Իրաքը դժուարութեամբ կը փորձէ ոտքի կանգնիլ. քայլ մը առաջ կը նետէ` երկու քայլ ետ նետուելու վտանգ դիմագրաւելով, ամէ՛ն օր: Միջհամայնքային լարուածութիւնը չի մեղմանար:

Լիպիան կը մնայ խղճալի, անդիմագիծ, անորոշ ճակատագիրի մատնուած:

Սուրիան անգթօրէն կը յօշոտուի ամէն օր:

Լիբանանը ամէն վայրկեան պէտք է զգաստ մնայ, որ պահպանէ իր ներքին կայունութիւնը, յաղթահարէ դաւադիր, արիւնալի ամէն միջամտութիւն:

Գարո՞ւն, թէ՞ ողբերգական տարեգրութեան նոր սկիզբ: Եգիպտացին, իբրեւ արաբական աշխարհի մտաւոր եւ քաղաքական յառաջապահ, պիտի չկարենա՞յ իր մէջ գտնել այս անհեթեթ արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու ուժը, կամքը, վճռականութիւնը. պիտի չկարենա՞յ հանդուրժողութեան, փոխադարձ յարգանքի, հայրենասիրութեան ճամբով համերաշխութիւն ստեղծել իր սահմաններուն մէջ. պիտի չկարենա՞յ ինքզինք ազատագրել արտաքին միջամտութիւններէ, որոնք որքա՛ն ալ փայլուն զարդարանքով ներկայանան, կը մնան այլ հաշիւներու ծառայող մեքենայութիւններ:

Ցաւով ու ընդվզումով կը հետեւինք Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի գալարումներուն: Կը յուսանք ու կը սպասենք, որ «Արաբական գարնան» բզքտուած երազները վերականգնելու մարտահրաւէրը ստանձնեն այնպիսի քաղաքական գործիչներ, որոնք պիտի կարենան պատնէշել իրենց սահմանները ամէն տեսակի արտաքին միջամտութեան դիմաց, եւ միայն ու միայն իրենց ուժերուն վրայ վստահելով` քալեն եղբայրասպան ողբերգութիւններուն վերջ տուող արահետներով:

«Ասպարէզ»

 

Նախորդը

Ակնարկ. Սպառնական Ոճի Ուղերձ Մը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.