Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Տխուր Նկարներուն Առթած Վիշտով Ու Վախով…

August 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Դիմատետրի անձնական էջի նկարս փոխել երբ որոշեցի, մտածեցի, որ ինչո՛ւ միշտ հոն տիրական ներկայութիւն կ՛ըլլան եւ փառաւոր ու արժանաւոր կերպով կը բազմին Արարատի, Երեւանի (գիշերային թէ ցերեկային) կամ Հայաստանի վայրերէն մէկուն նկարները: Պատասխանին լաւատեղեակ, ուզեցի այս անգամ կարօտի ու մեղեդիականութեան զգացումներս ամչցնել ու շրջանցել… Իսկոյն «Կուկըլ»-ի էջ մը բանալով` «Պէյրութ» բառը գրեցի ու ժպիտը դէմքիս սպասեցի` բացուելիք բազում նկարներէն լաւագոյնը ընտրելու տրամադրութեամբ…

Այո՛, բազմաթիւ նկարներ ողջունեցին զիս, սակայն` ոչ ժպիտս, որ իսկոյն անհետացաւ: Վիրաւոր Պէյրութը իր տարբեր տարազներով յայտնուեցաւ դիմացս եւ երեսիս գոռաց, թէ որքան ալ դիմակներ փորձէ դնել, ներաշխարհը կը մնայ վիրաւոր, սարսափելի պատկերներու բեռան տակ կքած, զաւակներուն մահուան գոյժերուն հետ անհաշտ…

Պէյրութը կը ներկայանար համայն լիբանանեան ցաւով ու ամբողջ Լիբանանի սրտաճմլիկ պատկերներով:

Բազմաթիւ նկարներ` փլատակներու տարբեր տեսակները ու ժամանակաշրջանները արտացոլացնող…

Բազմաթիւ նկարներ` պայթումներու պահեր անմահացնող ու անմահացող մահեր պատկերող…

Բազմաթիւ նկարներ` սարսափի, տառապանքի, ցաւի ու վիշտի գոյներով ներկուած…

Պէյրութ…

Լոկ բառ մը, անուն մը մայրաքաղաքի, սակայն` ամփոփումը լիբանանեան մղձաւանջին, լիբանանցիներուն ահ ու սարսափին, կսկիծ ու արցունքին, մահ ու աւերին…

Չփակեցի էջը, այլ շարունակեցի դիտել` թէկուզ ժպիտէս բաժնուած, թէկուզ ամբողջովին այլ տրամադրութեամբ համակուած, թէկուզ տարբեր մտածումներու եւ զգացումներու գիրկը ինկած:

 

 

 

 

 

 

 

 

Լուսանկարներու շարք մը, որ կարծես ինքնին պատմութիւնը կը շաղկապէ. սեւ ու ճերմակով «շողացող» լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ բնակելի շրջաններու մէջ եղած մահասփիւռ պայթումներ, յուլիսեան քանդիչ ու շրջաններ գետնին հաւասարեցուցած դաժան պատերազմ, կեանքեր հնձող գերանդին շալկած Սամայէլը փոխադրող ինքնաշարժներու նորանոր պայթումներ… Այս բոլորին իբրեւ «բնական», սակայն ոչ բանական անդրադարձ եղող սարսափելի աւեր, վախ, սահմռկած դէմքեր, հրդեհէն փախչելու եւ կեանքը գրկելու փորձ ընողներ, մահուան ճիրաններէն մանուկները ազատելու անկարողներու ճիչ, քարերու ու յիշատակներու աւերակներ, կեանքի բաբախումէ կասեցուած քարուքանդ տուներ, պայթումի ժայթքումներ, հոգիով ու մարմնով վիրաւորներ, դիակներուն մէջ հարազատ չգտնելու յոյսով փնտռտուք ընողներ, մարդկային մարմիններու մարդկութեան կողմէ անընդունելի վիճակներ…  Ճակատագրական խաղեր…

Խաղեր… Շատ հեռու` անմեղ մանուկներու խաղեր ըլլալէ, սակայն շատ մօտ` անմեղ մանուկներուն խաղերը կասեցնելու: Ոճրային խաղեր, սակայն ոճրագործներուն մորթին վրայ երբեք չզգացուող, այլ` ոճիրներու մասին մտածել անգամ չգիտցողներուն հաշուոյն կազմակերպուած: Միայն քանի մը վայրկեան տեւող խաղեր, որոնց անդրադարձը տասնեակ տարիներն անգամ չեն կրնար անհետացնել…

Ո՛վ նման խաղեր կազմակերպելու խիղճ տուած է մարդոց` մարդկայնութենէ ամբողջովին զուրկ եղող. ո՛վ ըսաւ, որ անմեղ ժողովուրդը պատրաստ է մասնակից դառնալու անոնց… Ո՛վ իրաւունք կու տայ մեծ ու դաժան խաղեր կազմակերպողներուն, որ խլեն իր մօր կօշիկները իրեն յարմար ըլլալու տարիքին հասնելու աղջնակին երազը, ո՛վ իրաւունք կու տայ աւերող ու քանդող այդ խաղերուն ետին կանգնողներուն, որ իմաստազրկեն տուրմերու տոպրակով տուն վերադարձող հայրը ակնկալող մանչուկին սպասումը, ո՛վ իրաւունք կու տայ «մեծ» կոչուած, սակայն միայն ոճիրով մեծ եղողներուն, որ իր զաւակին ամուսնութեան բաճկոնը պատրաստած մայրը ստիպէ նոյն բաճկոնով զայն դագաղին մէջ զետեղելու… Ո՛վ, ըսէ՛ք` խնդրեմ, թո՛ղ ըսէ յառաջդիմած ու զարգացած աշխարհը, թո՛ղ ըսէ արհեստագիտութեամբ աշխարհը ղեկավարող մարդկութիւնը…

Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ դպրոցները ժամանակաւորապէս փակած էին իրենց փամփուշտներէն կամ ռումբի բեկորներէն վնասուած դռները, որովհետեւ անկարող էին կիսափուլ կամ առանց ապակիի դասարաններուն մէջ դաս ընելու, փոքրերս կը հաւաքուէինք ու զանազան խաղեր կը կազմակերպէինք: Բնականաբար կրնայինք զիրար ցաւցնել, բարկանալ ու մէկզմէկու հրել… Մեծերը յաճախ կը խրատէին ու կը բացատրէին, որ խաղը ուրախութեան ու ընկերասիրութեան համար է, երբե՛ք` զիրար ցաւցնելու կամ վիրաւորելու…

Մարդոց ճակատագիրով խաղալու ստորնութիւն ունեցողները, սակայն, միշտ ալ հակառակը փաստած են ու կը շարունակեն…

Հաւանաբար այս պարագային մեծերը կարիք ունին փոքրերուն խրատին` դաժան խաղերու ընթացքին առանց սարսափի ու լացի ապրելու իրենց իրաւունքը չխլելու…

***

 

 

 

 

 

 

 

 

Համակարգիչիս պաստառին ընդմէջէն արտացոլացող լիբանանեան դառն իրականութեան գիրկէն յանկարծ զիս դուրս կը քաշէ պատկերասփիւռին պաստառին ընդմէջէն արտացոլացող լիբանանեան դառն իրականութեան շղթային վրայ աւելցած այլ օղակ մը… Հարաւային արուարձաններուն մէջ ուժգին պայթում մը որոտացած է, հարիւրաւոր վիրաւորներ եւ տասնեակ մահեր… Բնակելի շէնքեր կը հրկիզուին, հրդեհը կուլ կու տայ ամէն ինչ եւ ամէն ոք…

Կարճ ժամանակ ետք կը մարի հրդեհը, սակայն չի մարիր ի զուր իր ամուսնոյն սպասող այրիացած կնոջ հոգւոյն հրդեհը. կը վերակառուցուին շէնքերը, սակայն չի կառուցուիր մէկ տարեկանին որբ մնացած մանուկին հօր պատկերը. ամէն ինչ իր վիճակին կը վերադառնայ, սակայն չեն վերադառնար առյաւէտ հեռացածները…

***

 

 

 

 

 

 

 

Պէյրութ… Խոստացի՛ր, որ յաջորդ «Կուկըլ»-ի փնտռտուքիս միայն քու գրաւիչ ու խաղաղ ծովափովդ, գիշերային եռուն կեանքովդ, գեղեցիկ լեռներովդ եւ ժպիտս չխլող պատկերներով պիտի յայտնուիս…  Խոստացի՛ր, որ քու զաւակներուդ պատճառած վիշտին սեւերը պիտի հանես ու գունաւոր տարազներ կրես` գունաւոր կեանքեր պարգեւելով… Խոստացի՛ր, որ պիտի չարտօնես, որ քեզ ու քու գիրկդ ապրողները ցաւցնող ու վիրաւորող խաղեր կազմակերպուին քու կամքէդ անկախ… Խոստացի՛ր, որ միայն կեանքով պիտի թնդաս ու հողիդ ընդերքը պիտի չընդունիս հարազատներէդ հոսած արիւնը…

 

 

Նախորդը

Սապիրօղլու. «Կարմիր Խաչի Պաքուի Գրասենեակի Ներկայացուցիչները Այսօր Պիտի Այցելեն Ինջիղուլեանին

Յաջորդը

Օրը Օրին. Խթա՞ն, Թէ՞ Փոխարինող

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.