Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Ձգտինք Հասնիլ Առաւելագոյն Արդիւնքին» Ըսաւ Վարդան Մինասեան

August 19, 2013
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ալպանիայէն:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հարցումներուն պատասխանելով ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կարգ մը մանրամասնութիւններ:

Ստորեւ` հարցազրոյցին կարեւորագոյն բաժինները.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ընդհանուր տպաւորութիւնը ինչպէ՞ս էր մրցումին առնչութեամբ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ա. կիսախաղին աւելի լաւ էինք, քան` Բ.-ը: Բ. կիսախաղին թերեւս այդքան ալ լաւ չէինք` նկատի ունենալով, որ փոփոխութիւնները եղան քիչ մը շատ: Սակայն ընդհանուր առմամբ մրցումէն գոհ չեմ:

Այս մրցումին տեսայ, որ կարգ մը մարզիկներ լաւ վիճակի մէջ են: Պէտք է զգուշ ըլլանք եւ աւելի լաւ ներկայացումներ կատարենք, որովհետեւ մեր դիմացը ունինք Չեխիան եւ Դանիան:

Հ.- Մրցակից կազմը որեւէ ձեւով զարմացո՞ւց մեր հաւաքականը:

Պ.- Անիկա ներկայացուց իր սովորական խաղը, ինչ որ կը կատարէ այլ մրցումներու ընթացքին: Միակ փոփոխութիւնը, որ անիկա ունեցաւ, եղաւ այն, որ փոխանցումները եղան կարճ եւ արագ:

Հ.- Մրցումէն առաջ ըսած էիք, որ պէտք է աշխատիլ` աւելի լաւ յարձակումներ կազմակերպելու համար: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ պաշտպանողական գիծէն յարձակում կազմակերպելու դժուարութիւններ կան:

Պ.- Այո՛, ասիկա իրականութիւն է: Այդ պատճառով ալ մենք Բ. կիսախաղին սկսանք չորս միջնապահով: Պաշտպանողական գիծէն յարձակումներ կազմակերպելու աշխատանքը պէտք է շատ լրջօրէն կատարենք փորձերուն ընթացքին, որովհետեւ անիկա շատ անհրաժեշտ է: Այս մրցումին մենք այդ մէկը չկրցանք ընել, որովհետեւ նախ ժամանակը քիչ էր, երկրորդ` Ալպանիոյ մէջ եօթը մարզիկներ միացան մեր պատուիրակութեան:

Հ.- Կատարուած փոփոխութիւններուն միջոցով յաջողեցա՞ք տեսնել այն, ինչ որ կ՛ուզէիք տեսնել:

Պ.- Հիմնականին մէջ` այո՛: Փոփոխութիւններուն նպատակը, տարբեր մարզիկներ տարբեր դիրքերու վրայ տեսնելն էր, ինչպէս նաեւ պաշտօնական մրցումներու ժամանակ շատ քիչ դաշտ ներկայացած մարզիկներուն առիթ տալ աւելի շատ դաշտին վրայ տեսնուիլ:

Հ.- Վերջին չորս մրցումներէն առաջ ի՞նչ խնդիրներ դրուած են հաւաքականին դիմաց:

Պ.- Մենք արդէն իսկ ապացուցած ենք, որ ունինք լաւ խումբ, որ կրնայ յաղթել իր ուզած մրցակիցին: Դարձեալ կու գամ ըսելու, որ մեզի կը պակսի միայն կայունութիւնը: Բայց մենք կորսնցնելիք ոչինչ ունինք: Հետեւաբար, պիտի ձգտինք իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին հասնիլ առաւելագոյն արդիւնքին:

 

Նախորդը

ՖԻԼԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ`. Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Կը Գրաւեն 2-րդ Դիրքը

Յաջորդը

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ. «Ս. Աստուածածինը Պէտք Է Մնայ Մայրութեան Յաւիտենական Տիպար» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.