Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Չըլլանք Երեւակայեալ Առողջներէն Եւ Ինքնակոչ Արդարներէն…

August 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, նախօրօք մտադրած էի շատ համառօտակի գրել «Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքի երգերու եւ երգարաններու մասին» նորատիպին առնչութեամբ հրատարակուած «տեսակէտ»-ին մասին:

Հակասուրբգրային եզրայանգումներով, աստուածաբանական սխալ տեսութիւններով, եկեղեցագիտական անծանօթութիւններով, հակաքրիստոնէական վերյիշեցումներով, ինչպէս ալ մեր Գրիգոր Լուսաւորչի, Մեծն Ներսէսի, Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի, Ներսէս Լամբրոնացիի ու Մխիթար Աբբահօր ուսուցումին հակընդդէմ գաղափարներով, հայ սուրբերու եւ նահատակներու հաւատքին դէմ հակադրութիւններով լեցուն «տեսակէտ»-ը կարդալով` միտքս ակամայ խուժեց շատ ծանօթ ժողովրդական առածը, այսինքն` հայ ժողովուրդին իմաստութենէն ելած ասոյթը, զոր խօսքիս ու գիրիս մէջ յիշելու սովորութիւնը չունենալով` կը բաւականանամ յաջորդ պարբերութեամբ:

Թախանձագին խնդրանքս է, որ մարդ գրէ «տեսակէտ»-ներ ու շարադրէ գրախօսականներ միայն ի՛ր մասնագիտութեան ծիրէն ներս, եւ այն, յատկապէս երբ հարցերը կը հային Աստուածաշունչին, աստուածաբանութեան, կրօնագիտութեան, եկեղեցապատմութեան ու դաւանաբանութեան, որոնք ովկիանման գիտութիւններ են:

Այո՛, թէպէտ նախօրօք մտադրած էի, բայց եւ այնպէս միտքս փոխեցի ի նպաստ կիրակնօրեայ աւետարանին, որ խորագրուած է այսպէս. «Յիսուս` սեղանակիցը մաքսաւորներուն» (Մրկ. 2,13-17):

Յիսուս Քրիստոս, Աստուածամա՛րդը, որ գթասիրտ ու մարդասէր է, նոր բուժած էր անդամալոյծը Կափառնաում քաղաքին մէջ` դարձեալ ի զուր առիթ տալով դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն, որ անդրադառնային իրենց հոգեսպան կուրութեան:

Այո՛, Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս ոչ միայն իշխանութիւնն ունի մեղքերը ներելու, այլ նաեւ հզօրութիւնը` հրաշապէս բուժելու եւ սքանչելագործելու երկրին վրայ (Մրկ. 2,1-12):

Նաեւ ունի թէ՛ իշխանութիւնն ու թէ՛ հզօրութիւնը` նստելու մեղաւորներուն եւ սեղանակից դառնալու մաքսաւորներուն հետ: Այսպէս, հոս ալ Մարդասէրը զայրացուց «արդար» դպիրներն ու «բարեպաշտ» փարիսեցիները: Ի՞նչ պատահեցաւ…

Անդամալոյծին մեղքերը ներելէն եւ բուժում տալէն ետք Սքանչելագործը քարոզելով կը շրջագայէր նոյն քաղաքին մէջ: Քրիստոս միշտ ունէր եւ ունի անյագ ծարաւը մարդերը օժտելու ճշմարտութեամբ, հոգիները փրկելու յաւերժութեամբ:

Տեղ մը, «անցնելու ատեն, տեսաւ Ղեւին, որ նստած էր մաքսատան մէջ»: Առանց հարցնելու` Հոգեճանաչը հրահանգեց անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ղեւի, որ պիտի դառնար Մատթէոս, առաջին աւետարանիչը, ընդոստ գործադրեց հրահանգը Վարդապետին:

Այսօր ալ նոյնն է դրութիւնը: «Ի վերուստ» կը հրահանգուիս. իսկոյն ոտքի կ՛ելլես եւ կը հետեւիս, որովհետեւ Հրահանգողը կը սիրէ քեզ, կ՛ուզէ բարիքդ ու հետաքրքրուած է քեզմով: Այս կը նշանակէ, թէ կայ առօրեայիդ ազնուացում, մակարդակի բարձրացում:

Մէկու մը կը ծանօթանաս կամ նոր բարեկամ մը կը շահիս, զայն տունդ ճաշի կամ ընթրիքի կը հրաւիրես: Բնական է պատկերը, մարդկային է տեսարանը: Նոյնը դիպեցաւ հոս, սրտով Հեզին եւ Խոնարհին, որ երբ շահուած ու կոչուած մաքսապետին «տունը ճաշի նստած էր, բազմաթիւ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ բազմած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ, որովհետեւ շատեր կը հետեւէին Անոր»:

Եզրակացութիւնը այժմէական է: Յիսուս մարդերուն մէջ խտրութիւն եւ խտրականութիւն, այո՛, աչառութիւն ու կողմնակցութիւն չի դներ եւ չի սիրեր, երբե՛ք:

Յիսուսի անսխալ տեսութեամբ` մարդն է կարեւորը լոկ, որուն ազատագրումին համար քարոզեց, եւ որուն փրկութեան համար զոհաբերեց իր կեանքը:

Բոլորին հետ Յիսուսի սեղանակցութիւնը կը պայմանաւորէ յիսուսականներուն միաւորութիւնն ու յարաբերութիւնը ոչ միայն եկեղեցիին մէջ, այլ նաեւ եկեղեցիէն դուրս` իրարու հետ ապրելով առանց խտրութեան, խմբակցութեան ու գերադասումի:

«Իսկ դպիրներն ու փարիսեցիները երբ տեսան, որ Յիսուս կ՛ուտէր մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ», առարկեցին աշակերտներուն. «Ի՞նչ է այս, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կը ճաշէ ձեր Վարդապետը»:

Ատելութեամբ` կուրութեան երբ կը միանայ նախանձը, ստուգապէս կը փլի ներաշխարհը այս տեսակի կոյրերուն եւ նախանձոտներուն, որոնց անարդար դատողութիւնն ու չակերտեալ համարձակութիւնը ցուցանիշերն է անոնց կատաղի անզօրութեան եւ անձնաշպար եսակեդրոնութեան…

Յիսուս, սակայն, ինքնապաշտպանութենէն աւելի` կը դիմէ այն յստակացումին, որով կ՛արդարացնէ իր աշակերտներն ու կոչածները, մեղաւորներն ու մաքսաւորները:

Քրիստոս` Ինքն է Բժիշկը հիւանդներուն, Ինքն է Փրկիչը հոգիներուն, Ինքն է Հրաւիրողը լուսանցքի վրայ նետուածներուն. «Առողջները բժիշկի պէտք չունին, այլ` հիւանդները, եւ Ես եկած եմ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, այլ` մեղաւորները»:

Ուստի, չ՛արժեր ըլլալ «երեւակայեալ առողջներ» ու «ինքնակոչ արդարներ», ինչպէս կը սահմանէ աստուածաշնչագէտը, այլ կ՛արժէ ըլլալ այն մկրտեալները` ինքնաճանա՛չ մեղաւորները, որոնց համար Աստուած մարդացաւ եւ իր աստենական կեանքը զոհեց խաչափայտին վրայ:

Այնճար, 11 օգոստոս 2013

Նախորդը

Արցախ Այցելողներու Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ը Օգտակար Է Հայաստանին, Վնասակար` Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցումները Պիտի Պատկերասփռուին Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.