Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամայրը Աստուածածնայ Մէջ

August 17, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ ԱԲՂ. ԹԱՇՃԵԱՆ  

«Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի» (Ղկ. 1.30-32)5

Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքին մէջ ապրող Մարիամ անունով կոյսի մը տրուած երկնառաք աւետալուրն էր այս աւետարանական համարահատուածը` փոխանցուած Գաբրիէլ հրեշտակապետին կողմէ: Աւետիս մը, որ յեղաշրջեց մարդկային պատմութեան ընթացքը` քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական հասկացողութեամբ: Ս. Կոյս Մարիամ կիներու մէջ դարձաւ առաջին յեղափոխականը, երբ յաղթական ու բարձրաձայն ձայնով ըսաւ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով Փրկչաւ իմով»: Ինք դարձաւ բոլոր մայրերուն Մայրը եւ տիկիններուն Տիկինը, երբ  մայրաբար իր արգանդին մէջ Մեսիան ընդունեց. «Դասք անմարմնոց հրեշտակաց քեզ երանեն ամէնօրհնեալ Կոյս Մարիամ, որ զէակից Բանն որ ընդ Հօր կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս»` հակառակ իր երկրածին, տկար եւ հողանիւթ շինուածքին:

Աստուածածնայ արժէքը միայն Աստուածորդիին ծնունդ տալուն մէջ չէ, որ կը տեսնենք, այլ նաեւ` մայրութեան, սրբութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, գուրգուրանքին ու բարեխօսութեան մէջ:

Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, հաւատքին, հոգիին, ծէսին ու շարականին մէջ յատուկ ու մեծ տեղ կը գրաւէ Աստուածամօր ներկայութիւնը: Մեր եկեղեցին կը հաւատայ Ս. Կոյս Մարիամի արագահաս բարեխօսութեան, ինչպէս կը յիշուի մեր աղօթքներէն մէկուն մէջ. «Եւ Վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին բարեխօսութեանն, Տէ՛ր, ընկալ զաղաչանս մեր եւ կեցո զմեզ»:

Երբ պահ մը  խորհինք Աստուածածնայ մասին, մեր միտքին մէջ կը ծագի այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Աստուած Մարիամը ընտրեց Աստուածորդին յղանալու ու ծնունդ տալու համար Բեթղեհեմի մէջ: Ի՞նչ կ՛ապացուցէ այս մէկը:

Եբրայական թարգմանութեան համաձայն, Բեթղեհեմ կը նշանակէ «հացի տուն» եւ նաեւ` «իր երդումը»: Այս բացատրութեանց մէջ երկու կարեւոր կէտեր կը նշմարենք:

ա.- Աստուած մարգարէներու միջոցով դաշինք կնքեց մարդուն հետ եւ խոստացաւ Փրկիչը ղրկել աշխարհ` որպէս հաշտութեան նոխազի, այսինքն հաստատեց խոստումը եւ կատարեց երդումը: Ահա հոս կը գտնենք Աստուածամօր արժէքը եւ անոր աննախընթաց զոհողութիւնն ու նուիրումը: Ինք կամուրջ դարձաւ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան ու հաշտութեան: Բեթղեհեմի պզտիկ մսուրը դարձաւ խորան, դարձաւ արքունիք: Կարելի չէ երբեք նուազ դասել Ս. Կոյսին դերը աստուածային փրկագործական ծրագիրին մէջ: Աստուածածինը Քրիստոսի միջոցով ձեւով մը դարձաւ մարդկութեան եթէ ոչ փրկիչ` գէթ ուղին ու միջոցը փրկութեան:

բ.- Հետաքրքրական է նաեւ պեթ լահմ (հացի տուն) բառին կապակցութիւնը Աստուածամօր հետ:

Երբ կը կարդանք հայ դիցաբանական մեր պատմութիւնը, հոն կը հանդիպինք Նանէ անունով չաստուածուհիի մը: Նան պարսկերէն հաց կը նշանակէ: Նանէն մեր դիցաբանական պատմութեան մէջ մայրութեան, սնունդի ու առատաձեռնութեան դիցուհին եղած է: Հացը կեանքի խորհրդանիշն է: Հացը բերքի առատութեան պտուղն է: Անիկա յարատեւութեան, աճելու, շատնալու ու ծնունդ տալու, տան օրհնութեան եւ մանաւանդ մայր ըլլալու կեանքի կենսական պահանջն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուածամայրը այս բոլոր բարիքները, սէրը, մայրութիւնը, գուրգուրանքը, ապրեցաւ Աստուածածինի վայելող ու սազող մօր մը պէս:

Մարիամ Աստուածածինի վարքն ու տիպարը այսօր անգամ մը եւս պէտք է ներթափանցեն իւրաքանչիւր մօր հոգիին ու կենսաոճին մէջ: Գլխագիր մայր ըլլալու առաջին նախապայմանը մայրութեան մէջ կը կայանայ: Ինչպէս Աւետարանը կ՛ըսէ, ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի, այսինքն իւրաքանչիւր մօր օրհնութիւնն ու գութը անպայման որ իր պտուղը կու տայ:

Հայ մայրը այսօր մեծ դեր ունի կատարելիք որպէս տան քահանայ, ուսուցիչ, սնուցիչ, դաստիարակիչ եւ դէպի ապագայ տանող ճամբայ: Ընկերութեան մը ճակատագիրը գծող ու անոր ապագան որոշող նախագիծին մէջ մայրը մեծ դեր կը խաղայ, մանաւանդ` հայ շրջանակին մէջ, հոգեւոր ու կրօնական առողջ դաստիարակութիւն տալով: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է նայիլ Աստուածածինի ապրած կեանքին, անոր կատարեալ մայրական բծախնդրութեան եւ անոր կենցաղատիպարը դրսեւորել մեր հայ ընտանիքներէն ներս:

Թող որ «Անհարսնացեալ Մարիամ», «Կենդանի Տապանակը», «Լոյսի Խորանը» եւ «Տիեզերքի Թագուհին»` Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը իր անսպառ ու մշտահոս բարիքները, մայրական գութը, սէրն ու գորովը պարգեւէ մեր բոլորին` բարեխօսելով առ Միածին Որդիին, որ Հօր աջ կողմը կը նստի, եւ որ միշտ փառաւորուած է երկնածին եւ երկրածին արարածներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

 

 

Նախորդը

Սիրելի Քեսապին …

Յաջորդը

Յոյսի Բարձունքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.