Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասպարէզ»-ի 105-ամեակ. Հոսանքն Ի Վեր

August 15, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը նշեց իր հիմնադրութեան 105-ամեակը. այս առիթով կը շնորհաւորենք «Ասպարէզ»-ը` մաղթելով նորանոր ամեակներ եւ յաջողութիւններ` հայ մամուլի ծառայութեան մէջ:

«Ա.»

Այսօր «Ասպարէզ»-ի 105-րդ տարեդարձն է: Հպարտանա՞նք: Ինչո՞ւ ոչ:

Դիմանալու, գոյատեւելու տրամադրութեամբ ճամբայ չենք ելած ու մեր ապագան այդ մտայնութեամբ չէ, որ կը ծրագրենք:

Այո՛, գիտակից ենք, որ կը թիավարենք հոսանքն ի վեր, գիտակից ենք, որ առարկայական բոլոր պայմանները ուրիշ բան կը թելադրեն, ուրիշ բան կրնան գուշակել: Առաջին օրէն իսկ չենք ընդունած ենթարկուիլ այդ պայմաններուն եւ անոնց դէմ պայքարած ենք մեր բոլո՛ր ուժերով:

Գիտակից ենք նաեւ, որ եթէ նոյնիսկ գերմարդկային կարողութիւններով օժտուած ըլլայինք, հնարաւոր պիտի չըլլար այս ճանապարհը անխափան, այս ճանապարհը միշտ մագլցումներով շարունակել, եթէ մեր կողքին չունենայինք մեր ենթակայական պայմանները հզօրացնողներ, մեր հայրենակիցները, հայ մամուլին հաւատացողներու բանակը:

Այդ ուժով ներշնչուած` «Ասպարէզ» յաջողած է ու պիտի շարունակէ իր գործելակերպը այժմէականացնել, իր ծառայութիւնները ընդարձակել, հաղորդակցութեան արդիական միջոցները գործի դնել, որպէսզի հայ թերթը խեղճուկ չներկայանայ, որպէսզի հայ թերթը կենսունակ, թարմ ու շնչող երեւի իր ընթերցողին:

Յաջողած է թերթը նաեւ, որովհետեւ ինքզինք անսխալական չէ նկատած, ընդունած է քննադատութիւն, թելադրանք ու գնահատանք, արժեւորած է, փնտռած է նոր ուղիներ, պատշաճեցուցած է իր ձեւը` ոգին ու էութիւնը միշտ պահելով նոյնը` հայրենասէր, ազգանուէր: Քննադատութիւնները պիտի շարունակուին, թերթը պիտի շարունակէ իր հեւքոտ ընթացքը` դարձեա՛լ հոսանքն ի վեր:

Այս տարեդարձի օրը կը խոստանանք, որ նահանջի կամ յուսահատութեան նշոյլ իսկ չգտնէք «Ասպարէզ»-ի էջերուն վրայ: Շուտով կը տեղեկացնենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի փորձենք այս տարեդարձը նոր նուաճումներու անկիւնադարձի վերածել:

ԱԲՕ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Բանակումի Բացում

Յաջորդը

Մէյ Խալիլ Այցելեց Նախարար Մարուան Շարպելի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.