Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայերուն Զոհողութիւնները Յաւելեալ Վճռակամութիւն, Կառչածութիւն Եւ Սէր Կը Ներշնչեն Սուրիոյ Նկատմամբ. Կը Հաստատէ Լ. Ետալեան

August 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ սուրիահայերուն կողմէ իրենց երկրին նկատմամբ կատարուած զոհողութիւնները, որոնց կարգին` վերջերս Հալէպի մօտերը պասի մը վրայ եղած յարձակումին պատճառով արձանագրուած նահատակներն ու վիրաւորները, որոնք միակը չէին, «յաւելեալ վճռակամութիւն, կառչածութիւն եւ սէր կը ներշնչեն Սուրիոյ նկատմամբ, որմէ չենք հրաժարիր եւ չենք լքեր զայն, յատկապէս` ներկայիս անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ:

Լ. Ետալեան շեշտեց, որ սուրիահայերը ոչ մէկ ատեն զլացած են նահատակուիլ Սուրիոյ համար, Ֆրանսայի` Սուրիա ներխուժելու օրերէն: «Ոչ մէկ օր կամուրջ հանդիսացած ենք մէկ կողմի սուրիացիներուն երազներն ու ծրագիրները անցընելու միւս կողմիններուն հաշուոյն: Նոյնիսկ ներկայ ողբերգական կացութեան մէջ նման բան չենք ըներ, որովհետեւ շահ չունինք մէկ կողմը միւսէն գերադասելու. այլ համահաւասար մօտեցում ունինք բոլորին նկատմամբ: Մեզի համար կարեւորը հայրենիքին արժանապատուութիւնն է, անոր ապահովութեան, միասնականութեան ամրապնդումը, արիւնահեղութեան կասեցումը, որովհետեւ հոսած արեան ի տես մեծապէս կը ցաւինք եւ կը տագնապինք:

Լեւոն Ետալեան դիտել տուաւ, որ հալէպահայերը ոչ մէկ օր զլացան կատարելու եւ տալու այն, ինչ որ կը թելադրէ իրենց հաւատարիմ քաղաքացիութեան հանգամանքը: Իրենք ոչինչ խնայեցին այն քաղաքին համար, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած իրենց նախահայրերուն ապաստան տուաւ: Մենք չենք մոռնար մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած բարիքը, այդ պատճառով ալ մեր կարելին կ՛ընենք օժանդակելու գաղթականներուն, որոնք տագնապալի կացութեան մէջ կը գտնուին երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով»:

Ան աւելցուց. «Հակառակ դժուար եւ ծանր պայմաններուն` մեր մեծամասնութիւնը մնաց իր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, անտեսելով այն տուրքը, զոր պիտի տանք մեր հոգիէն, նիւթականէն: Արդարեւ, ասիկա փորձ է մեր համբերութեան նեղ եւ տագնապալի օրերու: Յոյսով ենք, որ երկիրը իր կայունութիւնը կը վերագտնէ, ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը վերահաստատուին, որպէսզի մենք մեր ազգային պարտականութիւնը կատարենք եւ օժանդակենք վերակառուցման` առողջ ու հաստատ հիմերու վրայ: Պիտի աշխատինք, որպէսզի երկիրը զարգանայ եւ հասնի քաղաքակիրթ երկիրներու մակարդակին. այս առումով եւ վեհ ու վսեմ նպատակներու համար մեր ամբողջ ներուժը պիտի ներդրենք, որքան ալ մեծ ըլլան զոհողութիւնները:

Նախորդը

Սլաք. Հերոս Մը Կը Ծնի Նիւ Եորքի Մէջ…

Յաջորդը

Հին Պատմութիւն Եւ Նոր Բեկորներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։