Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Բամպուքեանի, յաջորդական այցելութիւններ տուաւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Այնճար աւանին հետ կապուած զանազան խնդիրներ, որոնց կարգին` զբօսաշրջութեան զարգացման, փառատօներու կայացման եւ երկրագործութեան ու անտառներու պահպանման վերաբերող խնդիրներ:
Նախարարները խոստացան յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել արծարծուած հարցերուն կապակցաբար:


