Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէն Տեղ Հայ Կայ», Ամէն Տեղ Հայեր Կային, Մինչեւ Ե՞րբ…

August 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Մակա՛ր, ի՜նչ յուզումով կը կարդայի Վահրամ Մավեանի «Ամէն տեղ հայ կայ»-ի դրուագները: Ուրախութիւն կը զգայի: Հիմա, կէս դար ետք, ես ինծի հարց կու տամ, թէ այդ ինքնամխիթարութեան պատումները ահազանգ չէի՞ն այդ «ամէն տեղ» եղող հայերուն կարապի երգը: Մեզի պէս, որ ամէն տեղ ենք:

– Այդպէս է, ամէն տեղ հայ կայ, հիմա` քիչ մը աւելի եւ աւելի տեղեր: Կարծես այլեւս մոլորակը նեղ պիտի գայ: Հայը կազի պէս կ’ընդլայնի եւ կը նօսրանայ: Իսկ ո՞վ կը յիշէ Վահրամ Մավեանը:

Կեդրոնականցի Արմենակ արդիականացած է, համացանցով լուրեր կը ստանայ, որոնք հետաքրքրութիւն բաւարարելէ աւելի` իրեն կը ներշնչեն ցաւ պատճառող զգացումներ: Կը լսէ, կը խօսի.

– Ճիշդ է, Մակա՛ր, հայերու տեղաբաշխութեան մասին էջ մը ստացայ: Ինչե՜ր կարդացի: Ըստ այդ տուեալներուն, տասը միլիոն ենք: Բայց ամէն տեղ ճամբուն եզերքը ինկած հատիկներու պէս հայեր կան, որոնք այդ հատիկներուն պէս պիտի կտցուին եւ անհետանան:

Արմենակ էջ մը թուղթ դրաւ սեղանին վրայ եւ շարունակեց.

– Իմացայ, որ Ալպանիա 500 հայեր կան: Դպրոց ունի՞ն, եկեղեցի ունի՞ն, ո՞վ կապ կը պահէ անոնց հետ: Չիլի` 16 հայեր, ուրիշ մը ըսած էր` 40, աւելցնելով, որ գրադարան ալ ունին: Հսկայ Չինաստանի մէջ 250 հայեր կան, Դանիա` 3000: Քոլոմպիա` 20, Քուպա` 20, Քոսթա Ռիքա` 20, Ինտոնեզիա` 10, Նոր Զելանտա` 600: Այս վերջինները ինչպէս գտած եւ սորված են աշխարհի ծայրի այդ ճամբան, երբ կրնային երթալ իրենց գիտցած Հայաստանի ճամբով:  Կը տրուին մեծ թիւեր, պզտիկ թիւեր: Եւ այլն: Ըսէ ինծի, մանրադրամ դարձած եւ տարտղնուած այս մարդոցմով ազգ կը գոյանա՞յ:

– Սիրելի՛ Արմենակս, այս մանրուքներուն վրայ աւելցուր Հայաստանէն արտագաղթածներու միլիոնը… եւ շատ մը բաներ զիջելէ ետք մաշած հայրենահանուածներու «զգացումով հայ» ըլլալու բաժակաճառերը, որոնք կը ծափահարուին քաղաքականութիւն խաղցող հտպիտներու կողմէ, որոնք անտառը կը ծածկեն այդ անտառին առջեւ դրուած տօնածառով:

– Պարզ է, հաճելի է լսել, որ ամէն տեղ հայ կայ, այս ալ մեր նորատեսակ Տիգրան Մեծի կայսրութիւնն է, Տիգրան Մեծի պէս պարտուելու համար: Բայց ճառերով կը հովահարենք մենք մեզ, որ ամէն բանի մէջ առաջին ենք: Եթէ նոր ժամանակներու Փաւստոս Բիւզանդ մը կամ Մովսէս Խորենացի մը պատմութիւն գրէ, ոչ շատ հեռու ապագային, պիտի ըսէ` «ամէն տեղ հայեր կային»: Այն ատեն անհանգստացողներ պիտի չըլլան, այդ հարցումը հայերը պիտի չուղղեն, այլ` պատմութիւնը ուսումնասիրողներ, – եզրակացուց Արմենակ:

– Ցաւդ տանեմ, Արմենակ, հոս Հայաստան չէ, բայց «զգացումով հայ» ենք եւ հայրենասէր, հոս ալ Հայաստանի պէս է, քանի որ «Կոտայք» գարեջուր կայ, խմենք եւ զովանանք, հայերէն երգերն ալ անպակաս են:

Թզենիին տակ, երբ շոգ է, գարեջուրը ամէն բան կը մոռցնէ…

Մակար, ի Գաղիա,
յուլիսի շոգ օր մը, 2013

Նախորդը

Մարդ Եւ Աշխարհ

Յաջորդը

Հալէպի Առօրեայի Ժխտականներուն Դրականները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.