Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՄԱՌԱՆ» ԵՒ «ՁՄԵՌԱՆ» ՀԱՏՈՐՆԵՐԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐԸ. (Հեղինակ` Գրիգոր Տաթեւացի)

June 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Գրիգոր Տաթեւացիի «Ամառան» եւ «Ձմեռան» հատորներէն քաղուած Աստուածամօր քարոզները» խորագրեալ գիրք` մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Սոյն գործը գրաբարէ աշխարհաբարի թարգմանեց Թամար Տասնապետեան:

Հատորը կը բաղկանայ 256 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ ութ քարոզներ, որոնցմէ չորսը կը պատկանին Գրիգոր Տաթեւացիին, մէկը` Յովհան Որոտնեցիին ու երեքը` միւս աշակերտներուն:

Թարգմանիչը կ՛ըսէ, թէ Տաթեւացիի մարեմաբանութիւնը նոր է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսը նոր ձեւով եւ նոր պատկերով: Այս առումով, Տաթեւացիի Կոյս Մարիամը կենդանի էակ մըն է, որ կը խորհի, կը գործէ եւ կեանքի յարատեւ ընթացքին մէջ կը պահէ ինքզինք:

Արդարեւ, ըստ Գրիգոր Տաթեւացիին, Սողոմոն, Դաւիթ ու Եսայի մարգարէները կենաց ծառ կը կոչեն Աստուածամայրը, «Որ մեզի պտղաբերեց կեանքի պտուղը` Քրիստոս»: Այս ըմբռնումով, Կոյս Մարիամ Սուրբ հոգիով յղացաւ Աստուծոյ խօսքը եւ ծնաւ Յիսուս Քրիստոսը: Թէ` Սուրբ Մարիամ, աստուածային տնօրինութեամբ,- կրեց եւ պահեց իր արգանդին մէջ երկնային անկիզելի կրակը:

Իր առաջին քարոզագիրքին մէջ հեղինակը կ՛արծարծէ երեք յատկանշական նիւթեր, որոնք կը վերաբերին Աստուածամօր ծնողներուն, անոր յղացումին եւ ծնունդին:

Ըստ Տաթեւացիին, Սուրբ Աստուածածինը դուստրն էր Յովակիմի եւ Աննայի: Յովակիմը կը պատկանէր Դաւիթի արքայական ցեղին, իսկ Աննան` քահանայական ցեղին, տրուած ըլլալով, որ Աննային մայրը Մաթան Քահանային աղջիկն էր: Աննան ամուսնացաւ Յովակիմին հետ եւ ծնաւ Մարիամ Աստուածածինը, որ փոխադրուեցաւ Տիրոջ տաճարը: Յովակիմ Յուդայի ցեղէն էր, իսկ Աննա` Ղեւիի ցեղէն: Անոնց ամուսնութեամբ այս երկու ցեղերը խառնուեցան իրարու եւ ծնունդ տուին Յիսուսի, որ եղաւ թէ՛ թագաւոր եւ թէ՛ քահանայ միաժամանակ եւ դարձաւ շարունակողը Մելքիսեդեկի քահանայութեան:

Տաթեւացին կ՛ըսէ, թէ Յովակիմ եւ Աննա արդար էին, քսան տարի ապրեցան պարկեշտութեամբ, բայց զաւակ չունեցան: Հետեւաբար ամէն տարի  տաճար կ՛երթային եւ զոհեր կը մատուցանէին` զաւակ խնդրելով Աստուծմէ: Նաւակատեաց տօնին, երբ անոնք դարձեալ տաճար գացին, Աբիաթար քահանայապետը արգիլեց անոնց մուտքը այն պատճառով, որ անոնք ամուլ են: Յովակիմ խորապէս դառնացած` գնաց անապատ, ուր ամայութեան մէջ աղօթած պահուն հրեշտակապետը յայտնուեցաւ իրեն` աւետելով, թէ իր կինը` Աննան մանուկ մը պիտի ծնի, կոչուի «Մարիամ», եւ թէ զայն մատղաշ հասակին պիտի նուիրէ Աստուծոյ: Յովակիմ մեծապէս ցնծացաւ: Նախ, տաճար մտաւ եւ զոհերի մատուցեց Աստուծոյ, ապա տուն վերադարձաւ եւ հրեշտակապետին լուրը հաղորդեց իր կնոջ: Այսպէս, ըստ աստուածային խոստումին, Աննա յղացաւ եւ ծնաւ ամէնօրհնեալ մանուկը, զոր կոչեցին «Մարիամ», որ կը նշանակէ «Լուսաւորուած»:

Երբ Մարիամ վեց ամսու եղաւ, սկսաւ քալել, բայց մայրը թոյլ չտուաւ, որ երեխան գետին կոխէ զայն Աստուծոյ տունը տանելէ առաջ:

Երբ Մարիամ մէկ տարեկան եղաւ, Յովակիմ ընդունելութիւն սարքեց քահանաներուն, ու երեխան ստացաւ քահանայապետին օրհնութիւնը:

Երեք տարեկանին Մարիամը տաճար տարին, ուր զոհեր ընծայաբերեցին Աստուծոյ: Տաճարին մէջ այդ օր հրաշք մը պատահեցաւ: Մարիամ առանձինն, առանց ոեւէ մէկու օգնութեան, բարձրացաւ տաճարին տասնհինգին սանդուխները եւ ուղղուեցաւ դէպի մեծ սեղանը: Զաքարիա քահանայապետը օրհնեց զայն եւ հաստատեց` իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեայ:

Մարիամ կ՛աճէր օրէ օր: Աստուծոյ աղաւնակերպ հրեշտակները կը կերակրէին զայն: Երբ տասնչորս տարեկան եղաւ, քահանայապետը հրամայեց անոր, որ ամուսնանայ: Ուստի, օրհնեց կոյսը եւ զայն յանձնեց Յովսէփին, որ քառասունմէկ տարեկան բարեպաշատ մարդ մըն էր: Յովսէփ երեսունմէկ տարի ապրելէ ետք, փրկչին հետ հեռացաւ աշխարհէն եօթանասուներկու տարեկանին:

Տաթեւացի կ՛ըսէ, թէ Մարիամ, երբ Բեթլեհէմի իր տան մէջ կ՛աղօթէր, Գաբրիէլ հրեշտակը երեւցաւ եւ անարատ յղութեան լուրը աւետեց իրեն: Պէտք է ըսել, թէ Սուրբ Հոգին երկու անգամ յայտնուեցաւ Մարիամին: Նախ, երբ ան մօրը որովայնին մէջ էր եւ, ապա, երբ տասնչորս տարեկան եղաւ: Այս զոյգ առիթներով Մարիամ Մաքրուեցաւ Սուրբ Հոգիին կողմէ: Արդարեւ, ըստ Տաթեւացիի, «Երբ Յիսուս Քրիստոս յղացուեցաւ իր մօր որովայնին մէջ, Ադամի սկզբնական մեղքը իրեն չհասաւ, որովհետեւ մարդու սերմէն չէր գար, այլ` Սուրբ Հոգիէն: Դարձեալ, բոլորին Փրկիչը ըլլալուն, ան պէտք չէր ենթարկուեր Ադամի մեղքին»: Գովաբանելով Տիրամօր սրբախորհուրդ յղութիւնը` Գրիգոր Տաթեւացի կ՛ըսէ, թէ` «Ինչպէս երկիրը առանց ցանուելու խոտ կը բուսցնէ արեւի զօրութեամբ, նոյնպէս սուրբ Աստուածածինը, առանց սերմի, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ ծնաւ բժշկական բոյսը` Քրիստոս»: Սոյն պատկերաւոր բացատրութեամբ, Աստուածամայրը չգտնուեցաւ երբեք սկզբնական մեղքի մէջ: Այս բարեյատկութեամբ, ան սիրուեցաւ բոլոր կիներուն մէջ իբրեւ ամէնօրհնեալ միշտ Սուրբ կոյսը:

Արդարեւ, Մարիամ տասնչորս տարեկան էր, երբ յանձնուեցաւ պարկեշտ ծերունի Յովսէփին: Երեք ամիս մնալէ ետք Նազարէթ քաղաքի մէջ, Յովսէփի տունը, Գաբրիէլ հրեշտակապետը յայտնուեցաւ իրեն: Ապա, տասնհինգ տարեկան հասակին ծնաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսը: Տիրամայրը ապրեցաւ երեսուներեք տարի Փրկիչին հետ, եւ տասներկու տարի` Յովհաննէս աւետարանիչի խնամքին տակ: Այսպէս, մինչեւ իր վերափոխումը, ան մնաց երկրային կեանքի մէջ ընդամէնը վաթսուն տարի, եւ յետոյ, հոգիով վերափոխուեցաւ դէպի երկինք իր Որդւոյն քով:

Այս կապակցութեամբ, Տաթեւացի կ՛ըսէ, թէ առաքեալները դրին Տիրամօր մարմինը Գեթսեմանիի «Ջահերու ձոր» կոչուած վայրը: Երկնային շող մը իջաւ հեռանիստ բարձունքներէն եւ այդ շողը երեք օր շարունակ մնաց տեսանելի: Անոր լոյսին ներքեւ հրեշտակներու զօրքերը կ՛արտաբերէին հոգեւոր երգեր` օրհնելով, գովելով եւ փառաւորելով Սուրբ Կոյսին մարմինը:

Իր Որդւոյն նման, Աստուածամայրը յարութիւն առաւ եւ միանալով հրեշտակներու խումբին` «Վերացաւ իր Արքայ Որդին արքայութեան մէջ, անսպառ յաւիտեանին մէջ ստանալով անմահական թագաւորութիւնը», կ՛ըսէ Տաթեւացի:

Կ՛ըսէ նաեւ, թէ Սուրբ Կոյս Մարիամ ճշմարիտ եւ ամենասրբուհի Տիրամայրն է, որ հոգեպէս ներկայ է ամէնուրեք, եկեղեցւոյ եւ սրբապատկերներու մէջ եւ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլոր անոնց, որոնք զինք կը դաւանին իբրեւ Աստուածամայր եւ իր Որդին` Աստուած:

Տաթեւացի կ՛ըսէ, թէ Տիրամայրը օժտուած էր մարմնական վայելչութեամբ: Ունէր հրաշալի դէմք, հաճելի տեսք, վայելուչ կերպարանք, գրաւիչ աչքեր եւ խարտեաշ մազեր: Բառին բովանդակ առումով, անթառամ ծաղիկն էր ան, անթառամելի կուսութեամբ խորհրդանշուած եւ Սուրբ Հոգիի շնորհքներով հարստացած:

«Մաքուր եւ անապական կաթը կը ժայթքէր իր սուրբ եւ անհպելի կուրծքերէն, բոլորին ստեղծիչը արբուցանելու համար», կը հաստատէ Գրիգոր Տաթեւացի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Յովսէփին, քառասունմէկ տարեկան էր, երբ Սուրբ Կոյսը կը յանձնուի իրեն: Ան կ՛աւանդէ հոգին եօթանասուներկու տարեկանին, Նազարէթի մէջ, երբ Յիսուս երեսունմէկ տարեկան էր:

Արդարեւ, իբրեւ եզրակացութիւն կ՛ուզենք յայտնել, թէ Թամար Տասնապետեան կատարած է երախտապարտ աշխատանք գրաբարէ աշխարհաբարի վերածելով Գրիգոր Տաթեւացիի «Ամառան» եւ «Ձմեռան» հատորները: Կը մաղթենք, որ յարատեւ ոգեւորութեամբ շարունակէ ներկայացնել գրասէր հասարակութեան Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերուն հոգեմտաւոր իրագործումները:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

«ԱԼԻՍ ՆԵՐԿԻԶԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ 38 ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՍԼԱՔ. ԿՈՂՈՊՈՒՏԻ ՄԻՋՆԱՐԱ՞Ր…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.