Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն

July 29, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ամէն անգամ երբ ես ինծի ստիպեմ պրն. Օպամայի կամ Ֆրանսայի անվիզ- կոկոզավիզին սիգապանծ կեցուածքները դիտել, անպայման կը յիշեմ գեղադէմ Տորիան Կրէյի այլակերպումը*: Ու որքան մեծ ու կարող է երկիրը, որ կը ներկայացնեն աշխարհի բախտը որոշողները, այդչափ գարշելի են դէմքերը (նոյնիսկ` գեղեցիկ դիմագիծերով) ու ապակեայ են աչքերը… Ամէն անգամ որ անոնցմէ մէկը տասնվեցամեայ տղու պէս ցատկելով բեմ ելլէ, լայն ժպիտը դէմքին, դուք անոնց դէմքե՛րը դիտեցէք ու պիտի տեսնէք խղճալի՜ վիճակը մարդու անկումին….

Դէմքեր, ուր ամէն օր կը տպուին իրենց խաղին պատճառով խեղուած հազարաւոր  ճակատագրեր….

Դո՛ւք որոշեցէք, թէ որո՛ւ դէմքը պիտի այլակերպէ այս դէպքը:

Պատմողը հիւանդանոցի մաքրութիւն ընող երիտասարդ կին մըն է: Հալէպի արուարձանի մը մէջ կ՛ապրէին` ծայրը ծայրին հազիւ հասցնելով, աշխարհին ալ վնաս չէին հասցներ:

Դուռերը ջարդելով` ներս լեցուեցան չորս-հինգ հսկայ, մօրուքաւոր զինեալներ:

Ամուսինը, որ գործէն յոգնած` եկեր ու երկնցեր էր, ոտքի ցատկեց: Պզտիկները մնացին կեցած տեղերը քարացած, ծեր մայրը` նստած տեղը:

– Սիւննի՞ էք, թէ՞ շուն,- պոռաց մէկը:

Տանտէրը նայելով մանուկներուն ու կիներուն` տեղւոյն վրայ ստեց.

– Սիւննի ենք:

Չարախնդացին ու դառնալով մանուկներուն` մէկը պոռաց.

– Սիւննի՞ էք, թէ՞…

Պզտիկը համարձակութիւն գտաւ, վազեց ու մօրը ոտքերուն փարեցաւ, մեծը` հինգ տարեկան, լայն բացուած աչքերը յառեց «ամմոյին», ուսերը թօթուեց.

– Չե՜մ գիտեր….

– Է՜յ, կի՛ն,  հետերնիս պիտի գաս:

– Զիս սպաննեցէք, կինս միայն դիակիս վրայէն կրնաք տանիլ,- խուլ ըսաւ տղամարդը:

– Լա՜ւ, քեզ կը տանինք, տարբերութիւն չկայ,- ու քաշքշեցին դուրս: Շատ բարի գտնուեցան:

Տարին: Երեք ամիս ետք վերադարձաւ: Ինք չէր, ստուեր էր, կմախք էր. ո՛չ խօսք, ո՛չ ուտել, ո՛չ նայիլ:

Այսօր ալ գլխահակ ու լուռ կը դեգերի լերան վրայ: Չի խօսիր, չի նայիր, չ՛ուտեր. դէմք չունի: Քսանհինգ տարեկան է:

*Օսքար Ուայլտի «Տորիան Կրէյի դիմանկարը» վէպին հերոսը, ազնուական դասակարգէն, արտակարգ գեղեցկութեամբ երիտասարդ, իր անառակ ու ոճրային իւրաքանչիւր արարքէն ետք, երբ կը դիտէ իր դիմանկարը, զայն փոփոխուած կը տեսնէ, մինչեւ կը հասնի կատարեալ այլանդակումի: Հեղինակին յուշումը պարզ է` մեր գործերը մեր հոգիին վրայ կը դրոշմեն իրենց հետքերը:

 * * *

Երբ խօսում են Վրաստանի
Թշնամանքից արիւնոտ,
Զարմանք է ինձ պատում յայտնի,
Եւ խորին ցաւ, եւ ամօթ…
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ուրիշ ցաւ եթէ չունիս, Հայաստանի կայան մը բաց ու ուզածիդ չափ` ցաւ…. արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ:

Կը լսենք, թէ վրացիները, կաթողիկոսական ու նախագահական գահերէն մինչեւ յետին պահակը, վիրահայոց հնամենի եկեղեցիները կը սեփականացնեն:

Եթէ անկախութեան առաջին իսկ տարիներէն հայերս այդ եկեղեցիներուն մէջ գէթ մէկական քահանայով շաբաթական պատարագ մատուցէինք, պիտի փորձէի՞ն գրաւել….

Անկախութիւնը զիրենք աւելի անկախ դարձուց, զմեզ` կախեալ… ով` ինչէ:

Բայց զիս բնաւ չի պատեր մեր սրբալոյս բանաստեղծին զարմանքը: Ան մարդու մէջ մարդկայինի յաղթանակին կը հաւատար, թէկուզ եւ «քանի ձեռքից այրուէր»: Ան բանաստեղծ էր, երկինքի զաւակը ու Սէր ցանել էր իր առաքելութիւնը:

Ես բանաստեղծ չեմ, այլ` սէր երազող մը միայն: Առաւել` իմ մռայլ ու գերնիւթապաշտ դարուս զաւակն եմ (կամայ- ակամայ), ուր նիւթը խեղդեր է Մարդը, սէր ու հաւատք:

Վրացիներն ալ մարդ են ու հրաշալիօրէն իւրացուցած են դարուս ոգին:

Ինչպէս որեւէ մարդ, նոյնպէս ազգերը ունին բարդոյթներ, որմէ զերծ չեն նաեւ մեր միակ «քրիստոնեայ» դրացիները: Վրացիի «արժանապատուութիւն» ունեցիր ու դիմացիր, երբ ամէն կողմէ աչքդ կը մտցնեն երկրիդ ամբողջ տարածքին ու մայրաքաղաքիդ մէջ հայերու մշակութային հետքերը. հաւանաբար դիւրին չէ: Մենք, որ տուող եղած ենք միշտ, չենք կրնար հասկնալ` նման պարագայի երախտապա՞րտ, թէ՞ նուաստ կը զգայ ժառանգորդը (հարկաւոր է թուրք- ազերիներու մէջ մարդ գտնել ու այս մասին հարցնել, անոնք մեծ փորձառութիւն ունին):

Վրաց ազգային ընկալմամբ`

– Ոեւէ վրացի իշխանազուն է, իսկ ոեւէ հայ ընդամէնը` խանութպան:

– Վրաց գիրը Մաշտոցը ստեղծած է, եթէ ըսես վրացիի մը, ձին պատրաստ պիտի ունենաս, կամ` ծակուելու ենթակայ գլուխ:

– Եան մասնիկը մականուններու վրայ` սաստիկ կ՛ազդէ իրենց ջիղերուն. մականուն ըսածդ իծէ, շվիլի կը վերջանայ. ու անմիջապէս զայն փոխելու կը ձեռնարկեն:

– Շիրակը, Լոռին, Անիով ու Կարսով, Լոռէ բերդով ու Հաղբատ Սանահինով Վրաստանի կը պատկանին. Թամար թագուհին վկայ (կրնա՞ք, դուք ալ Տիգրանը վկայ բերէք ու ծովէ ծով Հայաստան պահանջեցէք….):

– Ջաւախքի խօսք ալ չես ըներ, անշուշտ….

– Եթէ Վրաստանի հայոց եկեղեցիները կ՛ուզէք, ուրեմն Հայաստանի հիւսիսի քաղկեդոնական վանքերն ալ մեզի պիտի տաք (ահա՛ ազնուականի վայել առեւտուր):

………………………………………………………………………..

Վերջերս Գագիկ Ծառուկեանը Աբովեանի մէջ հոյակերտ եկեղեցի բարձրացուց: Մե՞նք` չարախօսեցի՛նք, նախանձեցա՛նք, անտեղի ու ապաժամ գտանք:

Մինչդեռ մարդը կառուցեց ի՛ր երկրին մէջ, հայրենի՛ հողին վրայ……

* * *

Այսօր ալ պատշգամէս փոքրիկ ու գեղեցիկ փամփուշտ մը գտայ ու գուրգուրանքով դրի սափորին մէջ, ուր իր` տարբեր տարիքի ու հասակի ընկերները կը հանգստանան: Բարեկամներս են անոնք, քանի որ այլ նպատակով ղրկուած, սակայն իրենք խնայած են կեանքս: Իրե՞նք, Աստուա՞ծ, պատահմո՞ւնքը… Կարեւորը` անոնք հոն են ու կը յիշեցնեն ինծի, որ կրնայի այսօրուան արեւը չտեսնել: Փա՛ռք ձեզի, Աստուած ու բախտ: Այսօր իւրաքանչիւր սուրիացի երեկոյեան փառք կու տայ, որ ցերեկուան պատահարի մը չհանդիպեցաւ.առտու, գիշերուան մարտերու ձայներէն յոգնած, սակայն երջանիկ է, որ չմնաց փլատակի տակ ու անգամ մը եւս տեսաւ արեւը:

So՜ wonderful is life……

 

 

Նախորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Կարելի՞ Է Վստահիլ Թի.Շըրթով Բժիշկի Մը

Յաջորդը

«Խռովք». «Զաւարեանական Էջ»-ի Բացառիկ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.